image
Հրատապ լուրեր:

Կեանքէն հեռացած է Հոլանտայի մէջ ՀՀ նախկին դեսպան Վիգէն Չիտէճեանը

Կեանքէն հեռացած է Հոլանտայի մէջ ՀՀ նախկին  դեսպան Վիգէն Չիտէճեանը

Ոչ եւս է Հոլանտայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին դեսպան Վիգէն Չիտէճեանը:

Վիգէն Չիտէճեան ծնած է 26 Յուլիս 1941-ին, Երեւան:

Աւարտած է Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանը, Մոսկուայի պետական օդագնացութեան հիմնարկը եւ Մոսկուայի Ուժանիւթի համալսարանը: Արհեստագիտական գիտութիւններու դոկտոր է։

1969-1985 թուականներուն աշխատած է Հայաստանի պետական ճարտարագիտական համալսարանին մէջ` որպէս ելեկտրական մեքենաներու ամբիոնի վարիչ:

1985-1990 թուականներուն՝ «Հայէլեկտրամեքենայ» գիտաարդիւնաբերական ձեռնարկութեան գլխաւոր ճարտարագէտ

1990-1991 ՀՀ արդիւնաբերութեան փոխնախարար

1991-1993 ՀՀ պետական նախարար

1993-1995 ՀՀ փոխվարչապետ

1995-1997  Ֆրանսայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան

1997-2009/2010 ՀՀ արտակարգ եւ լիազոր դեսպան Պելճիքայի, Հոլանտայի եւ Լիւքսեմպուրկի մէջ, Եւրոպական Միութեան մէջ ՀՀ առաքելութեան ղեկավար

1997-2004 ՆԱԹՕ-ի մէջ ՀՀ առաքելութեան ղեկավար

2009-2018 Ֆրանսայ մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան

2011-2018 Մոնաքոյի, Անտորրայի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան

2012-2013 Վատիկանի մէջ ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան

 

Պարգեւներ՝

2001 «Մխիթար Գոշ» մետալ

2021 «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» Ա. աստիճանի շքանշան