image

Կազայի տագնապ. Էրտողան դժգոհած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դերէն

Կազայի տագնապ. Էրտողան դժգոհած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դերէն

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողան յայտարարած է, որ Միացեալ Նահանգներու հետ անհնար է արդար խաղաղութիւն հաստատել Կազայի մէջ։

«Միայն ԱՄՆ կողմ քուէարկած է հրադադարէն հրաժարելուն, հնարաւո՞ր է նման արդարութիւն։ Արդար աշխարհ հնարաւոր է, բայց ոչ Ամերիկայի հետ, ԱՄՆ Իսրայէլի կողքին է»- ըսած է Թուրքիոյ ղեկավարը՝ ելոյթ ունենալով շաբաթ օր։

Աւելի վաղ ԱՄՆ վեթօ դրած էր Կազայի մէջ անյապաղ մարդասիրական զինադադարի պահանջով բանաձեւի նախագիծի դէմ։ Մեծ Բրիտանիան ձեռնպահ մնացած է քուէարկութենէն։ Անվտանգութեան խորհուրդի մնացած անդամները կողմ քուէարկած են։ Փաստաթուղթը համահեղինակած է ՄԱԿ-ի առնուազն 97 անդամ: