Իսրայէլի ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով 2023 թուականի հոկտեմբերէն ի վեր Կազայի մէջ զոհուած է աւելի քան 36 հազար 8 հարիւր պաղեստինցի:
Ինչպէս հաղորդած է ԹԱՍՍ, այս մասին յայտնած է Կազայի առողջապահութեան նախարարութիւնը։
«2023-ի հոկտեմբերի սկիզբէն Կազայի մէջ իսրայէլեան յարձակումներու զոհերու թիւը հասած է 36 հազար 801-ի, եւս 83 հազար 680 մարդ վիրաւորուած է»,-ըսուած է գերատեսչութեան հաղորդագրութեան մէջ: