image
Հրատապ լուրեր:

Իսրայէլ կը շարունակէ թիրախաւել Լիբանանի Հարաւը. Կան տասնեակ զոհեր

Իսրայէլ կը շարունակէ թիրախաւել Լիբանանի Հարաւը. Կան տասնեակ զոհեր

Իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը մայիս 12-ի գիշերը օդային հարուած հասցուցած են Լիբանանի հարաւային Քֆար Տունին բնակավայրին մէջ գտնուող բնակելի շէնքի, որու հետեւանքով զոհուած է վեց մարդ, իսկ եւս եօթը՝ վիրաւորուած։ Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի Ազգային լրատուական գործակալութիւնը (NNA)։

Եւս երեք զոհ արձանագրուած է Լիբանանի հարաւը գտնուող այլ շրջաններու մէջ։

Իսրայէլի բանակը տարհանման հրահանգ տուած է Լիբանանի հարաւը գտնուող 4 բնակավայրերու բնակիչներուն։

Բացի այդ, ըստ Telegram-ի մէջ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի հաղորդագրութեան՝ վերջին շաբաթներուն ԻՊԲ-ն հարաւային Լիբանանի մէջ «ոչնչացուցած է 350-է աւելի ահաբեկիչներ, որոնք սպառնալիք կը ներկայացնէին իսրայէլացի քաղաքայիններուն եւ ԻՊԲ-ի զօրքերուն համար», ինչպէս նաեւ հարուածած է «Հըզպալլա» շարժման 1100-է աւելի թիրախներ։

«Հըզպալլա»-ն իր կարգին յայտարարած է, որ «Իսլամական դիմադրութիւնը» թիրախաւորած է լիբանանեան-իսրայէլեան սահմանին վրայ գտնուող իսրայէլեան ուժերուն պատկանող հրասայլ եւ փոխադրամիջոցներ։