Ռուսիոյ հետ Հայաստանի ապրանքաշրջանառութիւնը 2025 թուականին նուազած է 45,4 տոկոսով՝ Եւրոպական միութեան անդամակցելու Հայաստանի ձգտման մասին խօսակցութիւններու լոյսի ներքոյ, իսկ Եւրասիական տնտեսական միութենէն (ԵԱՏՄ) դուրս գալը, փորձագէտներու գնահատականներով, կը սպառնայ Հայաստանի տնտեսութեան առնուազն 5 միլիառ տոլարի կորուստով։ Այս մասին յայտարարած է Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին։
«Փորձագէտներու գնահատումով՝ Հայաստանի ԵԱՏՄ-էն դուրս գալը կրնայ արժել երկրի ՀՆԱ-ի 15-20 առ հարիւրի կորուստ՝ առնուազն 5 միլիառ տոլար… Հայաստանի՝ Եւրոպական միութեան անդամակցելու ձգտումներուն մասին խօսակցութիւններու լոյսին տակ մեր երկրին հետ ապրանքաշրջանառութիւնը 2025 թուականին կտրուկ կերպով նուազած է 45,4 առ հարիւրով։ Եւ այս բացասական միտումը կը շարունակուի», - գրած է Վոլոտին «Макс» հարթակին վրայ իր ալիքով։
Ան յիշեցուցած է, թէ Հայաստան ԵԱՏՄ-ին միացած է 2015-ին, եւ անդամակցութեան տասը տարիներու ընթացքին երկրի ՀՆԱ-ն աճած է 2,5 անգամ՝ 10,55-էն հասնելով 26,37 միլիառ տոլարի։
«Բացի իրացման հսկայական շուկայ մուտք գործելէ՝ Հայաստան արտօնութիւններ ստացած է ուժանիւթի ոլորտին մէջ։ Մեր երկիրը Հայաստանին կազ կը վաճառէ՝ 1000 խորանարդ մեթրի դիմաց 177,5 տոլարով։ Նոյն ժամանակ Եւրոպայի մէջ գինը կը կազմէ 633 տոլար՝ 1000 խորանարդ մեթրի դիմաց։ Հայաստանի արտածման 25 առ հարիւրը բաժին կ՚իյնայ Ռուսիոյ», - նշած է Տումայի նախագահը։
Ան ընդգծած է, որ Հայաստանի մէջ աշխատող եւ հոն գործարարութիւն հիմնող Ռուսիոյ քաղաքացիները սկսած են փակել իրենց ձեռնարկութիւնները։ Անոր համաձայն՝ անոնք կը հեռանան՝ ապագայի անորոշութեան եւ ստեղծուած իրավիճակի հնարաւոր խնդիրներու պատճառով։
«Սա միայն մակերեսային պատկերն է։ Կորուստները աւելի շատ պիտի ըլլան։ Եւ անոնցմէ ամէնեւին ոչ բոլորը կ՚առնչուին ֆինանսներուն», - աւելցուցած է Վիաչեսլաւ Վոլոտին։