Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մուսթաֆաեւ հանդիպում ունեցած է Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուքի հետ։ Այդ մասին յայտնած է Ռուսիոյ կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը։
Հանդիպումը տեղի ունեցած է Քազանի միջազգային տնտեսական ֆորումի շրջածիրէն ներս։ Ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներու՝ հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Ռուսիա-Ատրպէյճան տնտեսական յարաբերութիւնները, ընթացիկ տարուան ապրիլ 16-ին Զանգելանի մէջ կայացած՝ Ատրպէյճանի եւ Ռուսիոյ միջեւ տնտեսական համագործակցութեան միջկառավարական պետական յանձնաժողովի 24-րդ նիստին արդիւնքները, ինչպէս նաեւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող երկկողմ հարցեր։
Ռուսիոյ կառավարութեան հաղորդագրութեան համաձայն՝ կողմերը յատուկ ուշադրութիւն դարձուցած են «Հիւսիս-հարաւ» միջազգային փոխադրամիջոցային միջանցքի արեւմտեան ուղեգիծին զարգացման միջոցաւ փոխադրամիջոցայի կապերու ամրապնդման ուղղուած համատեղ աշխատանքին։