Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը հարուածած են Կազայի հատուածը, յայտնած է Reuters-ը՝ վկայակոչելով ականատեսներ։ Հարուածները թիրախաւորած են պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման ուսումնական ճամբարները։
«Իսրայէլեան օդանաւերը վաղ առաւօտեան գրոհած են Կազայի հատուածը։ Իսրայէլը հարուածած է երկու ուսումնական ճամբար՝ մէկը Կազա քաղաքին մէջ, միւսը՝ փախստականներու ճամբարին մէջ», - գրած է Reuters-ը՝ յղում ընելով «Ռատիօ ՀԱՄԱՍ»-ին:
Հարուածի հետեւանքով զոհերու կամ վիրաւորներու մասին տեղեկութիւններ չկան:
Նշուած է, որ Իսրայէլի կողմէ հրթիռակոծութիւնը տեղի ունեցած է, երբ Կազայի հատուածէն Իսրայէլի ուղղութեամբ 9 հրթիռ արձակուած է. անոնցմէ մէկը հարուածած է Ստերոթ քաղաքի արդիւնաբերական գօտիին մէջ գտնուող գործարանը։