image

Կայ Մէկ, Միակամ Սուրիահայ Շտապ Օգնութեան Մարմին. Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան

Կայ Մէկ, Միակամ Սուրիահայ Շտապ Օգնութեան  Մարմին. Վերապատուելի  Յարութիւն Սէլիմեան

«Գոյութիւն ունի սուրիահայութեան  շտապ օգնութեան եւ վերականգնումի  մէկ մարմին, որ կը գործէ միահամուռ եւ միասնակամ կերպով»,-   այսօր  «Արեւելք»ին  ըսաւ  Վերապատուելի Յարութիւն Սէլիմեան:  Սուրիոյ  հայ Աւետարանական  համայնքի նախագահը նաեւ  շեշտեց, որ   սուրիական պատերազմին ամէնէն թէժ օրերուն  ընթացքին       այս մարմինը մնաց  պատնէշի վրայ եւ գործեց մէկ  մարդու նման: Վերապատուելին նաեւ ըսաւ, որ մարմնին մէջ   ներգրաւուած են  սուրիահայ գաղութի բոլոր հիմնական բաղկացուցիչ տարրերը, ինչպիսին են  հայ  3 յարանուանութիւնները եւ     աւանդական 3 կուսակցութիւնները:  Վերապատուելին նաեւ նշեց, որ  գլխաւոր այս մարմնին հովանիին տակ կը գործեն տարբեր շրջաններու մէջ ստեղծուած աւելի փոքր մարմիններ, որոնք  ուղղակիօրէն  կապուած են  կեդրոնական մարմնին եւ իրենց նիւթական     պէտքերը  կը ստանան նոյն մարմնէն: Նշենք, որ Վերապատուելին   «Արեւելք»ին խօսեցաւ Լիոնէն, ուր մեկնած  է    սուրիահայութեան ընդհանուր իրավիճակին մասին ելոյթներ ունենալու նպատակով: Ան աւելի  կանուխ այցելած էր Փարիզ ու    յառաջիկայ  օրերուն պիտի մեկնի Հոլանտա   նոյնպէս  զեկոյց մը կարդալու համար:  «Արեւելք»  Վերապատուելիին  այս լուսաբանման  դիմեց` փարատելու համար շրջան ընող որոշ խօսակցութիւններ, որոնք   կը խօսէին սուրիահայութեան շտապ օգնութեան եւ  վերակառուցման  մարմնի մասնատման մասին: