image
Հրատապ լուրեր:

Կարսի մէջ մեծ զօրավարժութիւններ

Կարսի մէջ մեծ զօրավարժութիւններ

2023 թուականի 8 յունուարէն մինչեւ 2 փետրուարը Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանակից Թուրքիոյ արեւելեան Կարսի նահանգին մէջ թրքական զինուժը 8 այլ երկիրներու զինուած ուժերու մասնակցութեամբ կ'իրականացնէ «Ձմեռ-2023» զօրավարժութիւնը:

Մասնակից երկիրներէն Քոսովոյի պաշտպանութեան նախարար Արմենտ Մեհաճը յայտարարած է. «Զօրավարժութիւններու նպատակներու շարքին են համատեղ գործողութիւններուն համագործակցութեան եւ համակարգման ապահովումը, զօրքերու մարտական հմտութիւններու փորձարկումը»։

Զօրավարժութիւններու ծիրէն ներս նաեւ նախատեսուած է կազմակերպել զինուորներու ուսուցանում տեղակայման, սնունդի սպասարկման, հագուստի կրման, ձիւնի պայմաններուն կրակ վարելու եւ ռազմական հնարքներ իրականացնելու թեմաներով: