Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի (ԿԽՄԿ) ներկայացուցիչները այցելած են Պաքուի մէջ ապօրինաբար պահուող Արցախի ղեկավարներուն։ Անոնց կարելիութիւն տրուած է կապ հաստատել իրենց ընտանիքներու անդամներուն հետ։
Այս մասին տեղեկացուցած է Ատրպէյճանի ԿԽՄԿ ներկայացուցչութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինի ղեկավար Իլահա Հուսեյնովան։
Պաքուի մէջ ապօրինաբար անազատութեան մէջ պահուած են Արցախի նախկին ղեկավարներ Արկատի Ղուկասեանը, Բակօ Սահակեան, Արայիկ Յարութիւնեան, նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանյանը, Արցախի ԱԳ նախկին նախարար Դաւիթ Բաբայեան, Արցախի Ազգային Ժողովի նախկին նախագահ Դաւիթ Իշխանեան, Արցախի Պաշտպանութեան Բանակի գեներալներ Լեւոն Մնացականեանն ու Դաւիթ Մանուկեան։