image

Կարգաթողն ու եկեղեցին

Կարգաթողն ու եկեղեցին

Մենք ազգ մըն ենք, որ ունինք բազմաթիւ մեծութիւններ, որոնք տիրացած են մեր խոր սիրոյն ու յարգանքին, սակայն այդ ակնածանքը կուրութեան չ՚առաջնորդեր մեզ (պէտք չէ առաջնորդէ), որովհետեւ անոնք մտաւորական ո՛ր բարձրութեան վրայ ալ գտնուին, չունին Պապին անսխալականութիւնը: Անձը բարձր գնահատել, սակայն անոր որոշ գաղափարներուն ու կարծիքներուն համամիտ չըլլալ այդ սէրէն ու յարգանքէն ո՛չ մէկ բան կը նուազեցնէ, որովհետեւ մէկը սիրել ու զայն յարգել չի նշանակեր անվերապահօրէն ընդունիլ այն բոլորը, ինչ ինք կ՚ըսէ եւ կը հաւատայ, որովհետեւ իւրաքանչիւր միտք, իւրաքանչիւր համոզում ենթակայ է քննադատութեան, որովհետեւ սէրը առանց բանականութեան խաբուսիկ ու մակերեսային երեւոյթ մը կ՚ըլլայ պարզապէս:

Այս համոզումի լոյսին տակ այսօր կու գանք քննադատելու եւ մեր կարծիքը յայտնելու մեր մեծագոյն գրողներէն մէկուն մէկ արտայայտութեան ու համոզումին դէմ. մեր թուականէն 85 տարիներ առաջ՝ 1940 թուականին, մինչեւ օրս լոյս տեսնող Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթին մէջ յայտնի հայ բանաստեղծ ու խմբագիր Վահան Թէքէեան կը հրատարակէ իր գրիչին պատկանող «Եկեղեցական հարց մը» խորագրեալ գրութիւն մը («Զարթօնք», երեքշաբթի, 31 դեկտեմբեր, 1940, Դ. Տարի թիւ 981 “70”):

Վահան Թէքէեան այս յօդուածը կը գրէր սրտնեղած, որովհետեւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու եկեղեցւոյ մը մէջ հոգեհանգիստի կ՚արժանանար անձ մը՝ որ նախկին եկեղեցական էր. շատ շատերու համար ոչ յարմար կը նկատուէր կարգաթող նախկին եկեղեցական մը թաղման արարողութեան արժանի դարձնել. նախկին եկեղեցականին եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան արարողութեան արժանանալը կը նեղացնէ մեծ բանաստեղծը, որ այս երեւոյթին համար կ՚ըսէ. «այս է որ սրտիս վրայ նստեցաւ»: Թէքէեանի համոզումով, եկեղեցին պէտք է արժանի չընէ այն անձերը եկեղեցական արարողութիւններու, նկատի ունենալով անոնց ուխտադրուժ ըլլալը: Թէքէեան կը շարունակէ ըսելով. «Եթէ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ մէկ արքեպիսկոպոսը իր երէկուան աստիճանակցին կարգաթողութիւնը նկատի պիտի չառնէ եւ զայն պիտի յարգէ ու պատուէ այնպէս, ինչպէս ոեւէ ուխտ չըրած եւ զայն չդրժած հայ մը, ինչո՞ւ ուրեմն այդ ուխտը դեռ ընել կը տրուի նորընծայ վարդապետներու»:

Այս համոզումի լոյսին տակ Վահան Թէքէեան կը պահանջէր, որ յստակ պատնէշ մը դրուէր կարգաթող եկեղեցականներու եւ միւս բոլոր մահկանացուներուն միջեւ. որպէս եզրակացութիւն մեծ մտաւորականը կը գրէ. «Արդարեւ, չի բաւեր որ մեր սակաւաթիւ եկեղեցականութեան մէջ բաղդատաբար մեծ թիւ կը կազմեն կարգաթողները, վարդապետ ըլլան թէ մինչեւ անգամ եպիսկոպոս, կարգաթողութիւնը ոչ իսկ բարոյական պատիժի մը արժանի կ՚ընէ կարգաթողը, ոչ իսկ հանդիսաւոր հարսանիքէ կամ թաղումէ կը զրկէ զայն»: Այս համոզումները տարօրինակ չենք գտներ, որովհետեւ հին եկեղեցական կանոնները կը պատուիրէին կարգաթող եկեղեցականները նզովել (թէեւ որոշ կանոնները կը հրամայեն նզովել ծայրագոյն յանցագործութիւններու պարագային, այլապէս աշխարհականներու շարք դասել):

Իրականութեան մէջ շատ տեղին կը գտնենք Թէքէեանի այս արտայայտութիւնները, վերջապէս խօսելու նիւթի մը մասին, որուն մասին պէտք է խօսէինք անցեալին. սակայն, կը հաւատանք, որ լաւ է խօսիլ ուշ՝ քան երբեք: Նախքան բարոյական պատիժի ենթարկել կարգաթողները, պէտք է լաւապէս հասկնալ ու ըմբռնել, թէ ինչ կը նշանակէ կարգաթող.- պէտք է յստակ ըլլայ, որ կարգաթող անձը առաջին հերթին Քրիստոնէական հաւատքէն չի հեռանար եւ կամ Քրիստոնէութիւնը չ՚ուրանար։ Կարգաթողը յանձն կ՚առնէ հեռանալ այն շրջանակէն ու մթնոլորտէն, որուն մէջ կը գտնուի եւ այդ մէկը կրնայ ունենալ իր հոգեբանական ու մարդկային զանազան պատճառները: Կարգաթողութիւնը մեր ազգին մէջ կարծես կը դիտուի որպէս հաւատուրացութիւն. կարգը ձգել, հաւատքը կորսնցնել չի նշանակեր. այսօր երիտասարդ մը կեանքի պայմաններու բերումով կրնայ հայրենիքը լքել ու արտագաղթել, սակայն, այդ չի նշանակեր, թէ ինք հայրենիքը ատող ու դաւաճան անձ մը պիտի նկատուի, որովհետեւ այդ հեռանալը շատ անգամ զինք շատ աւելի հայրենասէր պիտի դարձնէ, ինչպէս կարգաթողութեան պարագային շատ անգամ անձը շատ աւելի հաւատքով պիտի լեցուի՝ քան իր կարգին մէջ գտնուած ժամանակ: Այս մտածումը արդիւնքն է այն սխալին, որ մեր ժողովուրդի զաւակները դարեր շարունակ ունեցած են եւ ունին. հաւատքը կարգին հետ կապ չունի եւ այնպէս մը չէ, որ կարգի մէջ գտնուողը շատ աւելի հաւատացեալ է քան աշխարհական մը՝ որ կրնայ ըլլալ շատ աւելի մեծ հաւատք ունենայ, քան մեծագոյն եկեղեցականը. հաւատքը ո՛չ պաշտօնով եւ ոչ ալ տարիքով կարելի է չափել: Այսօր կը տեսնենք, որ շատ մը հաւատացեալներ իրենց կրօնական հարցերը կ՚ուղղեն եկեղեցականներու, սակայն, կարգաթող անձերու կը խուսափին հարցեր տալու. պատճա՞ռ. կարգաթողութեան հետ անձը արդեօք կորսնցո՞ւց իր բոլոր գիտելիքները, ինչ որ ունէր նախապէս. անոր անուան դիմացի «հայր» կոչումը բաւարար ապացո՞յց է անոր եկեղեցական գիտելիքներուն. վստահ եղէք, որ շատերու համար այս հարցին պատասխանը «այո» է եւ այս անձերը անոնք են, որոանք կուրաբար կը հաւատան երբ եկեղեցականը անճիշդ տեղեկութիւն մը կու տայ. այս մէկը պարզապէս բաժին մըն է ոչխարի հոգեբանութեան, որ ցաւ ի սիրտ, ազգովին ունինք մեր մէջ:

Պետրոս առաքեալ իր երկրորդ նամակին մէջ կը խօսի հաւատքէն հեռացողներուն մասին եւ կ՚ըսէ, որ աւելի լաւ էր այդպիսիները ընդհանրապէս հաւատքի չմօտենային, քան թէ մօտենալէ ետք՝ հեռանային. ահաւասիկ առաքեալի խօսքերը.- «Զի լաւ էր նոցա եթէ բնաւ իսկ չէր ծանուցեալ զարդարութեանն ճանապարհ, քան, զի ծանեան եւ յետս կացին ի սուրբ պատուիրանէն որ նոցա աւանդեցաւ» (Բ. Պետ. 2:21). Հազարապատիկ համաձայն ենք այս խօսքին, պարզապէս այն ճշմարտութեան համար, որ կարգաթող եկեղեցականը Քրիստոնէական հաւատքէն հեռացող անձ մը չէ եւ աւելի կը հաւատանք, որ նման անձ մը կրնայ աւելի հաւատքի մօտ ըլլալ, որովհետեւ սեփական կամքով եկեղեցի յաճախելը շատ աւելի մեծ արժէք ու իմաստ ունի, քան պարտադրաբար մասնակցիլը, որովհետեւ հաւատքը երեւոյթներով չէ, որ կը դատուի, այլ անձնական ու հոգեկան ապրումներով է, որ ի յայտ կու գայ:

Սակայն, կայ այս բոլորէն աւելին. կը հաւատանք, որ օրէնք մը, ուսուցում մը շատ աւելիով արժէք ու իմաստ կ՚ունենայ, երբ զայն քարոզողներն ու պարտադրողները առաջին հերթին իրե՛նք յանձն կ՚առնեն ի գործ դնել՝ նախքան բարձրաձայնելն ու գործադրելը. հաւատացէ՛ք, որ շատ շատեր պիտի չհաւատային Քրիստոսի, եթէ անոր քարոզներն ու ապրած կեանքը զիրար հակասէին. եթէ Քրիստոս ըսէր ողորմութիւն ըրէք, սակայն ինք ողորմութիւնը ընելու փոխարէն ողորմութիւն խնդրողին կից մը տար, հաւատացէ՛ք անիմաստ պիտի ըլլար անոր քարոզները, որովհետեւ ինչպէս յայտնի խօսքը կ՚ըսէ, մեծագոյն քարոզը սեփական անձին օրինակն է: Նոյն խնդրինը այստեղ կը տեսնենք եկեղեցւոյ պարագային. մեր եկեղեցին կը քարոզէ ներողամտութիւն, եօթանասուն անգամ եօթ ներել կը յորդորէ, սակայն, ատելութիւն կը սերմանէ կարգաթող եկեղեցականին հանդէպ. կը հաւատանք, որ կարգաթող եկեղեցական մը եկեղեցւոյ համար մեծագոյն առիթն է ի գործ դնելու բոլոր այն քարոզները, որոնք իր սրբազան խորանէն կը բարձրացնէ:

Ահաւասիկ, Աւետարանի խօսքը. «Մի՛ դատիք եւ ոչ դատիցիք. մի՛ պատժէք եւ ոչ պատժիցիք, արձակեցէք եւ արձակիցիք». Քրիստոս կը յորդորէ չդատել։ Ինչո՞ւ համար դատել կարգաթող եկեղեցական մը, երբ Տէրը կը յորդորէ չդատել։ Եկեղեցին ի՛նք եւս իր խորաններէն բարձրաձայն կը յայտարարէ Քրիստոսի այս խօսքը. հետեւաբար ի՞նչ իմաստ ունի բարձրաձայնել Տիրոջ այս խօսքը՝ երբ եկեղեցին ի՛նք կը դատէ իր նախկին թէ ներկայ եկեղեցականներն ու կարգէն հեռացածները: Հին կանոնագրութիւնները նզովել կը յորդորէին կարգաթողները, լաւապէս տեղեակ ըլլալով, որ Քրիստոս կ՚ըսէ մի՛ պատժէք, որպէսզի պատիժի չարժանանաք։ Վահան Թէքէեան կը խօսէր «բարոյական պատիժ»ի մը մասին, որ իր կարծիքով՝ եկեղեցական արարողութիւններէն զրկուիլն էր (պսակ, մկրտութիւն, թաղում): Քրիստոս կ՚ըսէ «արձակեցէ՛ք». հիմա հարց. ինչպէ՞ս խորանէն լսել այս խօսքերը ու հաւատալ, երբ եկեղեցին ի՛նք ի գործ չի դներ այս բոլորը, որուն քարոզութիւնը կը կատարէ:

Այսօր ես կարգաթող մըն եմ եւ թող ձեզմէ մէկը որպէս Պետրոս առաքեալ մօտենայ եկեղեցւոյ գլուխին եւ հարց տայ. «Տէր, քանի՞ցս անգամ թէ մեղիցէ ինձ եղբայր իմ եւ թողից նմա, մինչեւ ցե՞ւթն անգամ» եւ թող եկեղեցւոյ գլուխը թող պատասխանէ, որ ո՛չ թէ եօթ անգամ, այլ եօթանասուն անգամ եօթ:

Եթէ եկեղեցին պիտի քննադատէ, պատժէ ու մեղադրէ իր եկեղեցականը, ինչպէ՞ս Սուրբ Խորանին վրայ աղօթքի կը կանգնի. որպէս կարգաթող եկեղեցական մը ըսեմ, որ այսօր շատ մը եկեղեցականներ «բարեւ» անգամ ըսել չեն ուզեր, նկատի ունենալով, որ իրենց վերերէն հրաման եղած է կապի մէջ չըլլալ կարգաթողի մը հետ եւ ատելութիւն ունենալ. նման եկեղեցականներ երբեւէ կարդացա՞ծ են Մարկոսի Աւետարանի 11:25-ը. «Եւ յորժամ յաղօթս կայցէք, թողուցուք եթէ ունիցիք ինչ զումեքէ. զի եւ Հայրն ձեր որ յերկինս է՝ թողցէ ձեզ զյանցանս ձեր». Տէրը կ՚ըսէ, երբ պիտի աղօթէք, ներեցէք բոլորը. ներեցէ՛ք այն մարդոց, որոնց հետ խնդիրներ ունիք. հիմա հարց. կարգաթողը ատող եկեղեցականներ ինչպէ՞ս Քրիստոսի այս խօսքը անտեսելով Սուրբ Խորանին վրայ աղօթքի կը կանգնին. վերջապէս Տէրը այս խօսքին որպէս շարունակութիւն կ՚ըսէ, որ եթէ անոնք չներեն, ապա Աստուած ալ զիրենք պիտի չներէ. հետեւաբար ատելութեամբ լեցուն եկեղեցական մը, որ իր կարգաթող եղբօրը որպէս թշնամի կը տեսնէ, ինչպէ՞ս կը համարձակի թողութիւն ու ներում տալ:

Այնպէս ինչպէս այսօր ժողովուրդն ու եկեղեցականները կը քննադատեն կարգաթողը, նոյնպէս դպիրներն ու փարիսեցիները քննադատեցին կինը, որուն ի պատասխան Տէրը ըսաւ. «Անմեղն ի ձէնջ նախ նա ընկեսցէ քար ի վերայ դորա»: Գուցէ մեր այսօրուան եկեղեցականները ի տարբերութիւն դպիրներուն ու փարիսեցիներուն, համարձակութիւնը ունենան այդ քարը ձեռք առնելու, սակայն յստակ ձեւով կ՚ուզենք ընդգծել, որ եկեղեցականներուն եւ եկեղեցւոյ համար մեծագոյն օրինակը ո՛չ թէ տրուած քարոզներուն անուշութիւնն ու ճշդութիւնն է, այլ ապրուած կենդանի օրինակն է եւ գուցէ այդ է պատճառը, որ մեր ազգին մէջ վերջին հարիւրամեակին ծնունդ առած է եկեղեցականութեան հանդէպ ատելութիւն մը. վստահաբար լսած էք, թէ ի՞նչ ըսած է յայտնի մտածող Կանտին. «Ես կը սիրեմ Քրիստոսը, սակայն ոչ քրիստոնեաները: Քրիստոնեաները տարբեր են Քրիստոսէն» եւ իր այս ատելութեամբ այդ տարբերութիւններէն մէկը մեր դիմաց կը դնէ Հայաստանեայց եկեղեցին:

Եթէ իրապէս ճշմարիտ են Քրիստոսի խօսքերը, ապա իրենց հաւատքին մէջ թերացած են բոլոր անոնք, որոնք կարգաթողը կը քննադատեն։ Հաւատացեալ ըլլալը խօսքով «ես հաւատացեալ եմ» ըսելով չի չափուիր. հաւատքը ինչպէս առաքեալը կ՚ըսէ գործ է. եթէ հաւատքն ու գործը տարբեր են իրարմէ, ապա այդ հաւատքը պարզապէս արտաքին խաբէութիւն է:

Եթէ կարգաթողութիւնը որպէս ուրացութիւն կը նկատուի, ապա մտաբերեցէք Պետրոս առաքեալի Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի ուրանալը։ Հակառակ այդ ուրացումին, Տէրը ոչ մէկ ատելութիւն ունեցաւ Պետրոսի հանդէպ եւ ընդհակառակը զինք Ժայռ անուանեց. Պետրոս ո՛չ թէ մէկ, այլ երեք անգամ, կամաւոր ձեւով ուրացաւ Յիսուսը. Թովմաս առաքեալ կասկածեցաւ Յիսուսի Աստուածութեան, սակայն Տէրը անոր հանդէպ ատելութիւն չսերմանեց:

Մեր մեծ մտաւորական Վահան Թէքէեան հաւանաբար կարգաթող եկեղեցականը պատժելը եւ կամ անոր հանդէպ ատելութիւն սերմանելը որպէս ազգասիրութեան մէկ խորհրդանիշ փորձած է ունենալ. ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր կարգաթողը քննադատելու փոխարէն նախընտրելի է քննադատել միջավայրն ու մթնոլորտը, որովհետեւ հոգեւոր կեանքին հետ խառնուած վարչական կեանքը միշտ չէ, որ առողջ մթնոլորտ կը ստեղծէ. այսօր աշխարհի երեսին գոյութիւն չունի կարգաթող եկեղեցական մը, որ անսահման սէր չունենայ եկեղեցւոյ հանդէպ. սակայն աշխարհի մէջ գոյութիւն ունի եկեղեցւոյ կողմէ ի գործ դրուած ատելութիւն մը անոնց հանդէպ. հետեւաբար ժողովուրդը ի՛նք թող դատէ եւ տեսնէ, թէ ո՞ր մէկը դէմ է Քրիստոսի օրէնքներուն ու ուսուցումներուն:

Հետեւաբար, սիրելի Թէքէեան, ձեր խօսած «բարոյական պատիժ»ը ամբողջութեամբ դէմ է այն ուսուցումներուն, որոնք քրիստոնէութիւնը կը փորձէ տարածել եւ երբ եկեղեցին իր իսկ քարոզած ուսուցումներուն դէմ գործէ, խնդիրը շատ աւելի մտահոգիչ երեւոյթ կը ստանայ։ Հետեւաբար, խորագիրը, որ դուք ընտրած էք՝ «Եկեղեցական հարց մը», իրաւացի է. հարց, որ ո՛չ թէ կարգաթողութեան, այլ եկեղեցւոյ սկզբունքներուն եւ ուսուցումներուն կը վերաբերի:

 

Հրայր Տաղլեան
«Ժամանակ»/Պոլիս

Հրայր Տաղլեան

Հրայր Տաղլեան

Ծնած է Պէյրութ-Լիբանան, 8 Փետրուար 1992-ին: Ա...