image

Հոգեւոր կեանքի ամրապնդման նոր նախաձեռնութիւններ՝ Մեսրոպեան բարձրագոյն արուեստից վարժարանին մէջ

Հոգեւոր կեանքի ամրապնդման նոր նախաձեռնութիւններ՝ Մեսրոպեան բարձրագոյն արուեստից վարժարանին մէջ

Հաւատքի եւ հոգեւոր արժէքներու փոխանցումը կրթութեան անբաժան մասն է։ Այս գիտակցութեամբ, Մեսրոպեան բարձրագոյն արուեստից վարժարանը նոր նախաձեռնութիւններու ճամբով կը շարունակէ կարեւոր տեղ յատկացնել իր ուսանողներու հոգեւոր դաստիարակութեան՝ նպատակ ունենալով ամրապնդել անոնց կապը եկեղեցւոյ, քրիստոնէական աւանդութիւններուն եւ հոգեւոր ժառանգութեան հետ։

2026-2027 կրթական տարեշրջանին, Մեսրոպեան վարժարանի հոգեւոր տեսուչի գրասենեակը նախաձեռնած է հոգեւոր միջոցառումներու շարք մը՝ նախատեսուած բարձրագոյն արուեստից վարժարանի BT եւ TS բաժիններու ուսանողներուն համար։

22 Հոկտեմբեր 2026-ին, հոգեւոր տեսուչ Հայր Սահակ վրդ. Քէշիշեան եւ արուեստիցի մէջ կրօնքի դաստիարակ Հայր Պօղոս վրդ․ Էմիշեան ունեցան իրենց առաջին հանդիպումը ուսանողներուն հետ։ Հանդիպման ընթացքին ուսանողները ծանօթացան Սուրբ Պատարագի չորս հիմնական մասերուն, պատարագող քահանայի եկեղեցական զգեստներուն, ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ մէջ պատշաճ վարուելակերպին եւ կանոններուն։

Կրթական տարեշրջանի ընթացքին ուսանողները պիտի մասնակցին ամսական դրութեամբ մատուցուող Սուրբ Պատարագներու եւ հոգեւոր այլ միջոցառումներու, որոնց նպատակն է խորացնել անոնց հաւատքը, զարգացնել հոգեւոր գիտակցութիւնը եւ խրախուսել գիտակից, յարգալից ու գործուն մասնակցութիւնը եկեղեցական արարողութիւններուն։

Մեսրոպեան բարձրագոյն արուեստից վարժարանի տնօրէնութիւնը իր անկեղծ շնորհակալութիւնը կը յայտնէ Հայր Սահակին եւ Հայր Պօղոսին՝ ուսանողներու հոգեւոր դաստիարակութեան ուղղութեամբ իրենց շարունակական աջակցութեան, առաջնորդութեան եւ նուիրեալ ծառայութեան համար։