«Մտահոգ ենք, որ նման սպանդներ յաճախակի կրնան դառնալ Թուրքիոյ մէջ»,-Պոլսոյ մէջ երէկ պատահած պայթումին մասին այսպէս արտայայտուեցաւ Սէլինա Տողան: Ան, խօսելով «Արեւելք»ին, կարծիք յայտնեց, թէ «կառավարութեան եւ իսլամիստ ծայրայեղականներու միջեւ եղած կապին մասին բացայայտ ցուցանիշներ կան եւ իշխանութիւնները այդ փաստերու դէմ պայքարելու պատրուակով պարզած են ահաբեկչութեան դէմ պայքարի դրօշակը, որ երբեք ալ համոզիչ չէ հանրութեան համար»: Հայազգի երեսփոխանին կարծիքով, ներկայ կառավարութիւնը «գրեթէ ոչնչացուցած է քաղաքական պատասխանատուութիւն հասկացողութիւնը»: Ըստ Տողանի, գործող քաղաքական պատասխանատուներ իրենց սխալներուն համար պատասխանատուութիւն չեն կրեր եւ ատոր հետ մէկտեղ երկիրը ենթակայ է մեծ ճնշումներու: Ան նաեւ ըսաւ, թէ Թուրքիոյ այսօրուան իշխանութիւնները կը փորձեն տարբեր միջոցներով ճնշման տակ պահել հանրութիւնը եւ այդ ճնշումնները կը կատարուին, ոչ միայն արգիլելով բողոքի հաւաքները կամ ցոյցերը, այլ նոյնիսկ արգելափակումներ դնելով համացանցի ընկերային ցանցերուն վրայ: Սէլինա Տողան, որ խոր մտահոգութիւն յայտնեց, թէ երէկ Պոլսոյ մէջ եղած սպանդը կրնայ յաճախակի դառնալ, նաեւ նկատել տուաւ, թէ վտանգաւոր է, որ ահաբեկչական դէպքերու հետազօտումը կտրականապէս կը մերժուի խորհրդարանին մէջ, այդպիսով արարքը գործողները շահեկան դուրս կուգան իրավիճակէն: