image

Կարապետ Չալեանին՝ պրոնզէ մետալ

Կարապետ Չալեանին՝ պրոնզէ մետալ

Իտալիոյ Հռոմ քաղաքին մէջ կայացած Եւրոպայի ըմբշամարտի առաջնութեան Հայաստանի առաջին մետալը ապահոված է Կարապետ Չալեանը:

77 քկ քաշային կարգի մէջ պրոնզէ մետալը վիճարկեցին Կարապետ Չալեանն ու Պուլկարիան ներկայացնող Հայկ Մնացականեանը: Առաջին խաղափուլին Չալեանը կրցաւ գլորել Մնացականեանը ու այդ իսկ ժամանակ Հայկը վնասեց արմուկը: Յետագային Հայկը փորձեց շարունակել, բայց երկրորդ խաղափուլին սկիզբը հրաժարեցաւ պայքարէն, քանի որ վնասուածքը թոյլ չէր տար: Չալեանը յաղթեց 3-0 հաշուով ու նուաճեց պրոնզէ մետալ: