Իտալական ուժանիւթի Eni ընկերութիւնը ուժանիւթի անցումը խթանելու մասին համաձայնագիր ստորագրած է Abu Dhabi National Oil-ի (ADNOC) հետ, Իտալիոյ վարչապետ ՃորՃիա Մելոնիի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ (ԱՄԷ) այցի ընթացքին, հաղորդած է ԱՄԷ-ի պետական WAM գործակալութիւնը:
Eni-ն եւ ADNOC-ը միասին պիտի աշխատին՝ նոր արտանետումները նուազեցնելու, ուժանիւթի անվտանգութիւնը բարելաւելու եւ ցած ածխածնային տնտեսական եւ արդիւնաբերական աճը արագացնելու համար, յայտնած է WAM-ը:
Շաբաթ օր Մելոնի հանդիպած է ԱՄԷ նախագահ շէյխ Մուհամմատ պըն Զայէտ պըն Սուլթան Ալ Նահիանի հետ, եւ երկու կառավարութիւնները ռազմավարական համագործակցութեան մտադրութեան մասին հռչակագիր ստորագրած են, յայտնած են Իտալիոյ կառավարութեան աղբիւրները:
Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Անթոնիօ Թայանի նաեւ կլիմայի ռազմավարութեան վերաբերեալ մտադրութիւններու մասին հռչակագիր ստորագրած է ԱՄԷ-ի կլիմայի հարցերով բանագնացի եւ COP28 կլիմայական գագաթնաժողովի նախագահ նշանակուած սուլթան Ահմետ Ալ Ճապերի հետ, որ անցեալ ամիս խոստացած էր համաշխարհային տաքացման դէմ պայքարի ներառական եւ նորարարական ճանապարհային քարտէզ մշակել: