Իսրայէլին կը սպառնայ միջազգային մեկուսացում եւ գործընկերներու հետ յարաբերութիւններու վատթարացում, եթէ ան լայնածաւալ գործողութիւն սկսի Կազայի հատուածի հարաւը գտնուող Ռաֆահի մէջ, ճեպազրոյցին ըսած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարի խօսնակ Մեթիւ Միլլըր։
«Մենք կը կարծենք, որ լայնածաւալ ռազմական գործողութիւնը վնաս կը հասցնէ ոչ միայն Պաղեստինի ժողովուրդին, եւ ոչ միայն կը խաթարէ մարդասիրական օգնութեան մատակարարումը, այլեւ կը վնասէ Իսրայէլի ազգային անվտանգութիւնը, աւելի կը մեկուսացնէ Իսրայէլը միջազգային ասպարէզէն եւ աւելի կը հեռացնէ զինք միւս երկիրներէն, որոնք երկար ժամանակ եղած են անոր գործընկերները»,-ըսած է ան։
Մի քանի օր առաջ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ հանդիպումէն ետք ընդգծած էր, որ Իսրայէլը պատրաստ է գործողութիւն իրականացնելու Ռաֆահի մէջ Կազայի հատուածին մէջ նոյնիսկ առանց Ուաշինկթընի աջակցութեան։
Մինչ այս Նաթանիահուն համաձայնած էր Ռաֆահի վրայ Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակի յարձակողական ծրագրին։ Politico-ն, վկայակոչելով աղբիւրներ, հաղորդած է, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի վարչակազմը պատրաստ է աջակցելու Իսրայէլի գործողութիւններուն Ռաֆահի մէջ «Համաս»-ի կարեւոր կառոյցները ոչնչացնելու համար, սակայն կոչ կ՚ընէ խուսափելու լայնածաւալ գործողութենէ։