image

Մակունց ներկայացուցած է, թէ որ պարագային Հայաստանը ետ պիտի կանչէ միջազգային ատեաններու մէջ Ատրպէյճանի դէմ ներկայացուած հայցերը

Մակունց ներկայացուցած է, թէ որ պարագային Հայաստանը ետ պիտի կանչէ միջազգային ատեաններու մէջ Ատրպէյճանի դէմ ներկայացուած հայցերը

Հայաստանի Հանրապետութիւնը միջազգային ատեաններէն Ատրպէյճանի դէմ ներկայացուցած հայցերը ետ պիտի կանչէ Ատրպէյճանի հետ խաղաղութեան պայմանագիրի վերջնական ստորագրումէն յետոյ:

Այս մասին Ազգային ժողովի մշտական յանձնաժողովներու համատեղ նիստին յայտարարած է վարչապետի աշխատակազմի ղեկավար Լիլիթ Մակունց:

«Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք չի հրաժարուելու իր շահերի պաշտպանութիւնն իրականացնել միջազգային որեւէ ատեանում: Ինչ վերաբերում է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ գոյութիւն ունեցող վէճերին, ապա խաղաղութեան գործընթացի տրամաբանութեան մէջ կարող է, ի հարկէ, որոշում կայացուել, յետ քաշել միմեանց նկատմամբ հայցերը, բայց դա այն դէպքում, եթէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ Ատրպէյճանի Հանրապետութիւնը վերջնական ստորագրեն խաղաղութեան պայմանագիր»,- ըսած է Մակունց։

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ նախաստորագրուած խաղաղութեան համաձայնագրի 15-րդ կէտը կը սահմանէ.

«Սոյն Համաձայնագիրն ուժի մէջ մտնելուց յետոյ մէկ ամսուայ ընթացքում Կողմերը յետ կկանչեն, կչեղարկեն կամ այլ կերպ կլուծեն որեւէ իրաւական հարթակում ներկայացուած ցանկացած եւ բոլոր միջպետական ​​հայցերը, գանգատները, բողոքները, առարկութիւնները, վարոյթները եւ վէճերը, որոնք վերաբերում են մինչեւ սոյն Համաձայնագրի ստորագրումը Կողմերի միջեւ գոյութիւն ունեցած խնդիրներին, եւ չեն նախաձեռնի այդպիսի հայցեր, գանգատներ, բողոքներ, առարկութիւններ, վարոյթներ եւ որեւէ կերպ չեն ներգրաւուի որեւէ երրորդ կողմի կողմից միւս Կողմի դէմ ներկայացուող գանգատներում, բողոքներում, առարկութիւններում, վարոյթներում»։