image

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պէնի Կանց հրաժարական տուաւ

Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար  Պէնի Կանց հրաժարական տուաւ

Իսրայէլի ընդդիմութեան առաջնորդներէն Պենի Կանց յայտարարած է, որ հրաժարական տուած է՝ լքելով վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի «պատերազմական գրասենեակ»ը, գրած է dw.com-ը։

«Նեթանիահուն մեզ կը խանգարէ առաջ շարժիլ դէպի իրական յաղթանակ (Կազայի հատուածին մէջ «Համաս» խմբաւորման նկատմամբ.-Խմբ.)»,-ըսած է Կանց կիրակի՝ 9 յունիսին, հեռուստատեսային ելոյթին:

Կառավարութենէն հեռանալու որոշումը քաղաքական գործիչը «դժուար եւ ցաւալի» որակած է։ Ըստ Կանցի, որ կը համարուի Բենիամին Նաթանիահուի գլխաւոր քաղաքական հակառակորդը, ան կը լքէ 2023 թուականի հոկտեմբեր 7-ին Իսրայէլի վրայ «Համաս»-ի զանգուածային յարձակումէն ետք ձեւաւորուած «պատերազմական գրասենաեկ»ի պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնը, «քանի որ երկրին մէջ եւ որոշումներ ընդունելու սենեակին մէջ իրավիճակը փոխուած է»։

Միեւնոյն ժամանակ Կանց մեղադրած է Նաթանիահուին անձնական քաղաքական շահերը Կազայի հատուածի յետպատերազմեան ռազմավարութիւն մշակելու անհրաժեշտութենէն վեր դասելու համար։

«Ճակատագրական ռազմավարական որոշումները կը կայացուին անվճռականութեամբ եւ քաղաքական նկատառումներով պայմանաւորուած ուշացումներով»,- ընդգծած է Կանց եւ վարչապետին կոչ ըրած՝ յառաջիկայ ամիսներուն նոր համընդհանուր ընտրութիւններ կայացնելու։

«Ես կոչ կ՚ընեմ Նաթանիահուին. նշանակեցէք ընտրութիւններու համաձայնեցուած ամսաթիւ, թոյլ մի տաք, որ մեր ժողովուրդը բզկտուի», - մէջբերած է CNN-ը Կանցի խօսքերը:

Կանց յայտարարած է, որ կառավարութիւնը կը լքեն նաեւ իր «Ազգային միաբանութիւն» կուսակցութեան միւս անդամները, որոնք «ռազմական գրասենաեկ»ին մէջ հինգ մանթատ ունին։

120 տեղանոց Քնեսէթին մէջ աջակողմեան, ծայրայեղ աջակողմեան եւ կրօնական կուսակցութիւններէ կազմուած իշխող դաշինքը 64 ձայնով կը պահպանէ մեծամասնութիւնը: Սակայն, ըստ վերլուծաբաններու, կառավարութիւն մտնելով՝ Կանց կը հաւասարակշռէր քանի մը ծայրայեղ աջ քաղաքական գործիչներու ազդեցութիւնը վարչապետի վրայ: Անոր հեռանալը պիտի խորացնէ Նաթանիահուի մեկուսացումն ու ոչ ժողովրդականութիւնը։

Մայիսի կէսերուն Պենի Կանցը վերջնագիր ներկայացուցած էր Նաթանիահուին՝ յայտարարելով, որ հրաժարական պիտի տայ, եթէ երկրի վարչապետը մինչեւ յունիս 8-ը չներկայացնէ Կազայի հատուածի յետպատերազմեան կարգաւորման ծրագիր։ Նախարարներու գրասենեակը պէտք է մշակէ նմանատիպ ծրագիր՝ վեց ռազմավարական նպատակներուն հասնելու համար, այն ժամանակ բացատրած էր Կանցը: Ատոնք կը ներառեն «Համաս»-էն պատանդներու ազատումը, Կազայի հատուածին մէջ «Համաս»-ի իշխանութեան տապալումը, այս տարածքի ապառազմականացումը եւ ատոր նկատմամբ Իսրայէլի անվտանգութեան վերահսկողութեան հաստատումը: Անհրաժեշտ է նաեւ այս տարածաշրջանին մէջ ստեղծել «քաղաքացիական կառավարման միջազգային մեխանիզմ»՝ Միացեալ Նահանգներու, Եւրոմիութեան, արաբական երկիրներու եւ պաղեստինցիներու մասնակցութեամբ, մայիսին նշած էր Կանցը։

Իր հերթին, յունիս 8-ին Բենիամին Նաթանիահուն կոչ ըրած էր Պենի Կանցին շարունակելու աշխատանքը «պատերազմական գրասենակ»ին մէջ։

«Հիմա՝ միասնութեան, ոչ թէ պառակտման ժամանակն է»,- գրած է Իսրայէլի վարչապետը X-ի էջին։