image

Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը հարուածած են Լիբանանի հարաւը գտնուող «Հըզպալլա»ի դիրքերը ԳԼԽԱՒՈՐ

Իսրայէլի ռազմաօդային ուժերը հարուածած են Լիբանանի հարաւը գտնուող «Հըզպալլա»ի   դիրքերը  ԳԼԽԱՒՈՐ

Իսրայէլի Պաշտպանութեան բանակը շաբաթ օր յայտնած է, որ իր օդուժը հարուածներ հասցուցած է Լիբանանի հարաւը գտնուող Հըզպալլայի շարք մը կառոյցներուն:

«Իսրայէլ չի ​​ցանկար պայքարիլ լիբանանեան շիական Հըզպալլա շարժման դէմ, սակայն պատրաստ է ցանկացած զարգացման»,- այս շաբաթ Ուաշինկթըն կատարած այցի ժամանակ ըսած է Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոավ Կալանթ ։

Միեւնոյն ժամանակ, իսրայէլեան պաշտօնեաները վերջերս աւելի ու աւելի կը զգուշացնեն Հըզպալլայի հետ լայնածաւալ հակամարտութեան անխուսափելիութեան մասին, որ ուժեղացուցած է Իսրայէլի հրթիռակոծումը Լիբանանէն:

Ուրբաթ ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի տեւական ​​ներկայացուցչութիւնը յայտարարած է, որ Իսրայէլի հնարաւոր յարձակողականը Լիբանանի դէմ կը վերածուի ոչնչացման լայնամաշտապ պատերազմի:

Աւելի վաղ Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերու շտապի պետերու միացեալ կոմիտէի նախագահ Չարլզ Պրաուն նախազգուշացուցած էր, որ Իսրայէլի ներխուժումը Լիբանան՝ կապուած Հըզպալլայի գործողութիւններուն հետ, կրնայ առաջացնել Իրանի հակազդեցութիւնը եւ վերածուիլ աւելի լայն տարածաշրջանային հակամարտութեան՝ հաղորդած է The Hill։