Իսրայէլի նախագահը Ատրպէյճան կ՚այցելէ

Իսրայէլի նախագահը Ատրպէյճան կ՚այցելէ

Իսրայէլի նախագահ Իսհակ Հերցոկը Իլհամ Ալիեւի հրաւէրով այսօր պետական այցով ժամանած է Ատրպէյճան:

Հերցոկը եւ անոր տիկինը՝ Միհալ Հերցոկը, դիմաւորած են Ատրպէյճանի վարչապետի առաջին տեղակալ Եաղուպ Էյուպովը, արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆարիզ Ռզաեւը եւ այլ պաշտօնատար անձինք:

Աւելի վաղ լրատուամիջոցները յայտնած էին, որ Հերցոկի պատուիրակութեան կազմին մէջ է նաեւ Իսրայէլի առողջապահութեան նախարարը, որ պիտի հանդիպի ատրպէյճանցի իր գործընկերոջ հետ:

Ատրպէյճանը մարտին դեսպանութիւն բացած է Թէլ Աւիւի մէջ, իսկ Իսրայէլը՝ ապրիլին Պաքուի մէջ: