image

Իսրայէլի մեկուսացումը կը շարունակուի. Washington post

Իսրայէլի մեկուսացումը կը շարունակուի. Washington post

Ամերիկեան The Washington Post թերթը հաստատած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն ինքզինք աստիճանաբար մեկուսացած կը գտնէ համաշխարհային հարթակին վրայ։

Լուրը համադրեց՝ «Արեւելք»ը. Հիմնական աղբիւր «Ալ Մայատին»

Ամերիկեան The Washington Post թերթը նկատած է, որ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուն ինքզինք կամաց-կամաց մեկուսացման մէջ կը գտնէ եւ անոր կառավարութիւնը՝ «շրջափակուած» է , տարբեր իրաւական մարտահրաւէրներու եւ համաշխարհային հասարակական կարծիքի փոփոխութեան լոյսին տակ։

Համաշխարհային հասարակական կարծիքի զայրոյթը, որ առաջացած է Կազայի հատուածին մէջ Նաթանիահուի աւերիչ պատերազմի հետեւանքով, զինք եւ իր կառավարութիւնը կանգնեցուց աշխարհի կարեւորագոյն երկու դատարաններու առջեւ. Արդարադատութեան միջազգային դատարանը հրապարակեց իր հրամանը՝ յանձնարարելով Իսրայէլին դադրեցնել ռազմական գործողութիւնները Կազայի մէջ, ներառեալ՝ Ռաֆահ քաղաքի վրայ յարձակումը։

Իրաւական ճնշումը կը մեծնայ, հակառակ իսրայէլեան պաշտօնեաներու կողմէ, վճիռը կայացուելէն առաջ, որոշման դէմ ընդդիմանալուն եւ պատերազմը շարունակելու անոնց սպառնալիքներուն։

Մինչ Միջազգային քրէական դատարանի դատախազ Քարիմ Խան անցեալ շաբթուան սկիզբը դիմած էր Նաթանիահուի եւ պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի նկատմամբ ձերբակալութեան հրաման    արձակելու վերաբերեալ:

Խան իր դիմումին մէջ փաստեր ներկայացուցած է  Իսրայէլի կողմէ սովը որպէս պատերազմի զէնք օգտագործելու, Կազա մարդասիրական օգնութեան մուտքը խոչընդոտելու եւ պատերազմի ժամանակ անոր վարքագիծին  վերաբերեալ, որ համատարած եւ անխտիր վնաս հասցուցած է խաղաղ բնակչութեան:

Խան ըսած է. «Անկախ ռազմական նպատակներէն որ ան կրնայ ունենալ, այն միջոցները, որոնք Իսրայէլ ընտրած է Կազայի մէջ այդ նպատակներուն  հասնելու համար, այն է՝ դիտաւորեալ մահ, սով, ծայրայեղ տառապանք եւ քաղաքացիական բնակչութեան մարմիններուն կամ առողջութեան լուրջ վնասվածքներ պատճառելը, բոլորը յանցաւոր միջոցներ են»։

Եթէ ​​Միջազգային քրէական դատարանի նախաքննական պալատը Նաթանիահուի եւ Կալանթի ձերբակալութեան հրաման տայ, դատարանի 124 անդամ երկիրները պարտաւոր են, համաձայն պայմանագրի, ձերբակալել  իսրայէլացի  պատասխանատուները, եթէ անոնք ոտք դնեն իրենց տարածք:

Ամէնօրեայ դրութեամբ  աճող մեկուսացումը նաեւ կ՚արտացոլէ որոշակի անհեռատեսութիւն՝ Իսրայէլի քաղաքական շրջանակներուն ,  եւ նոյնիսկհ հասարակութեան կողմէ, որոնք չկրցան ընմբռնել Կազայի մէջ իրենց կառավարութեան գործողութիւններու նկատմամբ զայրոյթի խորութիւնը: 

Անհեռատեսութիւն ըսելով, այստեղ խօսքը միայն 7 հոկտեմբերին  Իսրայէլի ձեռք բերած միջազգային աջակցութեան մսխման մասին չէ, այլ անոր, որ Իսրայէլի առաջնորդները, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի մեղադրուին պատերազմական յանցագործութիւններ կատարելու մէջ։

Նաթանիահուն, որ կը պնդէ, որ մեծ առաջնորդ է, այսօր չի կրնար հասնիլ այն ռազմավարական նպատակներուն, որոնք ան դրած է այս պատերազմի համար, եւ ատոր հետեւանքով ալ Իսրայէլը մատնուած է մեծ դժուարութիւններու, որոնք երկար տարիներ պիտի հետապնդեն զինք։

***

Միջազգային քրէական  բարձրագոյն դատարանի ծիրէն ներս եղած քննարկումներուն առընթեր՝ Փրիթորիան կ՚ուզէ, որ դատարանը հրամայէ Իսրայէլին անյապաղ դադրեցնել բոլոր ռազմական գործողութիւնները։

Նոյն առումով  շարք մը երկիրներ յայտարարեցին, որ կը սատարեն Հարաւային Ափրիկէի կողմէ Իսրայէլի դէմ յարուցուած ցեղասպանութիւն կատարելու մեղադրանքներու հայցին, այդ շարքին՝ Եգիպտոսը, Լիպիան եւ Թուրքիան։

Յիշեցնենք, որ Եւրոպական մէկէ աւելի երկիրներ, նաեւ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու միջոցով, խոստացած են իրականացնել Միջազգային քրէական դատարանի կողմէ ընդունուած որեւէ որոշում՝ Իսրայէլի կառավարութեան ղեկավար Բենիամին Նաթանիահուն եւ անվտանգութեան նախարար Եոաւ Կալանթը կալանաւորելու վերաբերեալ, եթէ անոնք ժամանեն իրենց տարածք։ Այդ պաշտօնեաներու առաջին շարքին են Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց  եւ  Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարար Իսպըն Պարթը: