image

Քուրսքի գործողութիւնը պիտի շարունակուի. Զելենսքի

Քուրսքի գործողութիւնը պիտի շարունակուի. Զելենսքի

Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի 21 օգոստոսին, քանի մը զեկոյց լսած է Ուքրանիոյ Զինուած ուժերու գլխաւոր հրամանատար Ալեքսանդր Սիրսքիէն՝ ռազմաճակատին տիրող իրավիճակի վերաբերեալ։

Մասնաւորապէս, խօսուած է Փոքրովսքիի ուղղութեան մասին։

«Արդէն քանի մը հաղորդումներ եղած են գերագոյն գլխաւոր հրամանատար Սիրսքիէն։ Ճակատը մեր դիրքերն են, առաջին հերթին Փոքրովսքի ուղղութիւնն է։

Մենք  կը հասկնանք թշնամիին քայլերը եւ կ'ուժեղանանք. ստուգուած է արկերու մատակարարումը»,- ըսած է Զելենսքի։