Սուրիոյ Հոմս նահանգի վրայ իսրայէլեան օդուժի հրթիռային հարուածի հետեւանքով երեք խաղաղ բնակիչ վիրաւորուած է։ Այս մասին յայտնած է SANA-ն։
Նշուած է, որ հարուածը եղած է կէսգիշերէն ետք Լիբանանի հիւսիսէն։
«Սուրիական Հակաօդային պաշտպանութիւնը քանի մը հրթիռ խոցած է եւ ետ մղած յարձակումը», -ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Վնասուած է պենզինի լցակայան` այրած է վառելիքի մի քանի տակառ։