Իսրայէլը աշխուժացուցած է Կազայի հատուածին մէջ ռազմական գործողութիւնները: ՑԱՀԱԼ-էն յայտնած են, որ կը պատրաստուին ընդլայնելու յարձակումները։ Իսրայէլի զինուած ուժերու տուեալով՝ նպատակն է վերադարձնել գերիները, ոչնչացնել «Համաս»-ը եւ պաշտպանել Իսրայէլի բնակչութիւնը: Նշուած է, որ սա «Կետեոնի կառքեր» անուանումը ստացած գործողութեան առաջին փուլն է։
Հաղորդուած է զոհերու եւ վիրաւորներու մասին: Վերջին տուեալով՝ Կազայի հատուածին մէջ պատերազմի մեկնարկէն ի վեր զոհուած է աւելի քան 53,000 մարդ, վիրաւորներու թիւը հատած է 120.000-ը: Շրջափակման հետեւանքով տարածաշրջանին մէջ մարդասիրական ճգնաժամ ստեղծուած է։
Իսրայէլի վարչապետը եւ պաշտպանութեան նախարարն ալ յայտարարած են Եմէնի հուսիներու կառոյցներուն զանգուածային հարուածներու մասին: Թիրախ եղած են, մասնաւորապէս, նաւահանգիստներ:
Ըստ իսրայէլեան կողմի՝ սա պատասխանն է Իսրայէլի դէմ հուսիներու հրթիռային արձակումներուն։ Պաշտօնեաները նախազգուշացուցած են՝ անհրաժեշտութեան պարագային պիտի շարունակեն ռազմական գործողութիւնները եւ պիտի թիրախաւորեն Անսար Ալլահ շարժման բարձրաստիճան ներկայացուցիչները, որոնք կ՚աջակցին պաղեստինցիներուն: