Իսրայէլ դարձեալ հարուածած է Կազան, որուն ի պատասխան «Համաս»ի զինեալները հրթիռներ արձակած են Իսրայէլեան շրջաններու ուղղութեամբ։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «Ալ Մայատին» կայանէն:
Աղբիւրը յայտնած է, որ շաբաթ առաւօտուն , իսրայէլեան ուժերը տասնեակ հրթիռներով ռմբակոծած են Կազայի հատուածի արեւմուտքը գտնուող դիմադրութեան պատկանող երկու դիրքեր:
Աւելի ուշ թղթակիցը յայտնած է, որ Կազայի ուղղութեամբ ռբակոծութիւնները դադրած են՝ բացատրելով, որ Կազայի հատուածի դիմադրութիւնը հակաօդային հրթիռներով պատասխանած է հարուածներուն:
Իսրայէլեան օդուժի յարձակման թիրախ դարձած են նաեւ Կազայի կեդրոնը գտնուող Նուսէյրաթ գաղթակայանի նահատակներու տարածքը եւ Կազայի հարաւ-արեւմուտքը գտնուող, դիմադրութեան ենթակայ ալ-Պայտար շրջանը՝ առնուազն 10 հրթիռով:
«Մայատին»ի թղթակիցը նաեւ մատնանշած է, որ իսրայէլեան հրթիռակոծումներուն համատեղ՝ դիմադրութիւնը Կազայէն երկու հրթիռ արձակած է դէպի բռնագրաւուած բնակավայրեր։
«Յարձակումները երբեք չեն դադրած պաղեստինի ժողովուրդին դէմ».- «Մայատինի»ին ըսած է «Համաս» շարժումի խօսնակ Հազէմ Քասեմին, աւելցնելով, որ «յարձակումներու աճը ակնկալելի էր, յատկապէս Պայտընի Թէլ Աւիւի հետ ստորագրած «Երուսաղէմի հռչակագրէն» ետք»։
Քասէմի նաեւ նշած է, որ «Իսրայէլի տէրութիւնը պատրանքի մէջ է, կարծելով որ Պայտընի այցով ձեռք բերած է ուժի նոր տարրեր», -պաղեստինցիներուն կոչ ընելով համախմբուելու դիմադրութեան շուրջ:
ألسنة الدخان تتصاعد من موقع شهداء النصيرات بعد إستهدافه بأربعة صواريخ من قبل الطائرات الحربية.#غزة_تحت_القصف pic.twitter.com/MQxPqKdBoF
— Mahmoud Abu Dayya (@MahmoudAbuDayy3) July 16, 2022