Իրաք- (Rudaw.net) ISIS Ահաբեկչական խմբաւորումը գլխատած է քրտական Բէշմարքայի 7 զինեալներ: Այս մասին կը գրէ քրտական Rudaw .net կայքը: Youtube-ի Ցանցին վրայ տեղադրուած տեսանիւթի մը մէջ ISIS արհեստավարժ կերպով նկարահանած է Բէշմարքայի զինեալներու մորթուիլը ու ապա անոնց գանկերուն իրենց մարմիններուն վրայ դրուիլը: Բէշմարքայի զինեալ մը նախքան գլխատումը կարդացած է իսլամական սուրբ գիրքէն ՝ Քորանէն հատուած մը: Նշենք, որ «Արեւելք»ի տեղադրած տեսանիւթը նոր չէ, որովհետեւ երէկ Իրաքի Նինուէ շրջանին մէջ կատարուած գլխատման տեսերիզի հանուած է Youtube-ի տնօրէնութեան որոշմամբ: Rudaw.net Կը հաղորդէ նաեւ, որ ISIS նման քայլի մը դիմած է Քէրքուքի մէջ իրաքեան ուժերուն կողմէ ծանր պարտութեանց մատնուելէ ետք: Նշենք, որ մեր տեղադրած տեսանիւթը նկարահանուած է 22 Փետրուար 2015-ին: