image

Իշխան Սաղաթէլեան պիտի շարունակէ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչի իր պաշտօնը

Իշխան Սաղաթէլեան  պիտի  շարունակէ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչի իր   պաշտօնը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի Հանրային կապերու գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ

 

9-11 յունիս 2023 կայացած է ՀՅԴ Հայաստանի 26-րդ Գերագոյն ժողովը:

 

Ժողովը քննած է ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի երկամեայ գործունէութիւնը, Հայաստանի եւ Արցախի հանրապետութիւններուն մէջ ստեղծուած իրավիճակը, նախանշած է յառաջիկայ ընելիքները եւ սահմանած ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցի գործունէութեան ուղենիշները:

 

Ժողովի աւարտին ընտրուած է Գերագոյն մարմին հետեւեալ կազմով.

 

Աւետիսեան Թադեւոս

Գալստեան Լիլիթ

Գէորգեան Արգիշտի

Յակոբեան Վարդան

Մաթիլեան Յակոբ

Մանուկեան Գեղամ

Մեղրեան Պետրոս

Սաղաթէլեան Իշխան

Սարգսեան Իգոր

Սիմոնեան Աշոտ

Ստեփանեան Խաչատուր

Վարդանեան Գերասիմ

Տօնոյեան Տարօն

 

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ ընտրուած է Իշխան Սաղաթէլեան: