image

Իրպիլի մէջ ՀՀ հիւպատոսը այցելած է Մասուտ Պարզանիին

Իրպիլի մէջ ՀՀ հիւպատոսը այցելած է Մասուտ Պարզանիին

 

Իրպիլի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոս Արշակ Մանուկեան, 2 փետրուարին հանդիպած է քրտական ազատագրական շարժման առաջնորդ, Իրաքեան Քիւրտիստանի պատուաւոր նախագահ Մասուտ Պարզանիին: «Արեւելք» այս մասին իմացաւ Իրաքի մէջ Հայաստանի հիւպատոսութեան դիմատետրեան էջէն:

Հանդիպման ժամանակ քննարկուած է տարածաշրջանի քաղաքական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Իրաքեան Քիւրտիստանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումը։