Իրպիլի մէջ ՀՀ գլխաւոր հիւպատոսութեան պաշտօնական բացման երկրորդ տարեդարձի կապակցութեամբ գլխաւոր հիւպատոսութիւնը 26 փետրուարին, Իրաքեան Քիւրտիստանի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերով նախարարութեան հետ համատեղ, մշակոյթի նախարարութեան գլխաւոր սրահէն ներս կազմակերպած էր Հայաստանի մէջ բնակող քիւրտ, եզիտի եւ ասորի ազգային փոքրամասնութիւններու մասին շուրջ 70 պատմական լուսանկարներու եւ արխիւային փաստաթուղթերու ցուցահանդէս, որու պաշտօնական բացումին նախորդած է հայատառ քրտական ձեռագիրներու, հայատառ քրտերէն տպագիր գիրքերու մասին Մատենադարանի գիտաշխատող Գոռ Երանեանի ելոյթ-ներկայացումը:
Ինչպէս «Արմէնփրէս» հաղորդած է, ՀՀ ատաքին գործոց նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը կը տեղեկացնէ, որ պատմական լուսանկարները եւ արխիւային փաստաթուղթերը տրամադրուած էին ՀՀ Ազգային արխիւի, Մատենադարանի, Պատմութեան թանգարանի, Ե. Չարենցի անուան արուեստի եւ գրականութեան թանգարանի ու Արմէնփրէսի կողմէ:
Միջոցառման ներկայ էին Իրաքեան Քիւրտիստանի շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, մշակութային եւ քաղաքական գործիչներ, մտաւորականներ, Իրպիլի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական առաքելութիւններու անդամներ, հայ, ասորի եւ եզիտի համայնքներու ներկայացուցիչներ:
Միջոցառման ընթացքին ելոյթներով հանդէս եկած են Իրաքեան Քիւրտիստանի մշակոյթի եւ երիտասարդութեան հարցերով նախարար Մուհամմատ Սաիտ Ալի, գլխաւոր հիւպատոս Արշակ Մանուկեան, ինչպէս նաեւ ընթերցուած է այս կապակցութեամբ ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարի տեղակալ Արթուր Մարտիրոսեանի ողջոյնի խօսքը:
Նախարար Մուհամմատ Սաիտ Ալի իր ելոյթին մէջ նշած է, որ նման ցուցահանդէսի կազմակերպումը Իրպիլի մէջ իր տեսակով աննախադէպ է: Ան անդրադարձած է հայ-քրտական պատմական յարաբերութիւններուն, Հայաստանի, յատկապէս Խորհրդային Հայաստանի ունեցած կարեւոր դերակատարութեան քրտական մշակոյթի եւ ինքնութեան պահպանման գործին մէջ:
Նախարարը անդրադարձ կատարած է նաեւ իր՝ նախորդ տարուայ օգոստոսին Երեւան այցին՝ յատուկ ընդգծելով, որ քրտական պատուիրակութիւնն այցելած է նաեւ Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգանքի տուրք մատուցելու Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին:
Նշուած է, որ պատմական նշանակութիւն ունեցող նիւթերու ցուցադրումը անգամ մը եւս ի ցոյց դրած է Հայաստանի կարեւոր դերակատարութիւնը քիւրտ, եզիտի, ասորի ժողովուրդներու ինքնութեան եւ մշակոյթի պահպանման գործին մէջ: