image

Իրպիլի մէջ. Առաջնորդ Սրբազանը այցելած է Քաղդէացիներու Լուիս Սագո Պատրիարքին (Լուսանկար)

Իրպիլի մէջ. Առաջնորդ Սրբազանը այցելած է Քաղդէացիներու Լուիս Սագո Պատրիարքին (Լուսանկար)

Օրերս Իրաքի Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեան այցելած է Քաղդէացիմներու Պատրիարքարան, ուր Սրբազան հօր ընդունած է Նորին Սրբութիւն Լուիս Սագո Պատրիարքը։ Հոգեւոր պետերը քննարկած են Իրաքի Քրիստոնեաներուն առնչուող զանազան հարցեր։ 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Իրաքի Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝

Իրպիլ  կեցութեան առիթէն օգտուելով Առաջնորդ Սրբազան Հայրը ամսոյս 8ի առաւօտուն Անքաուայի մէջ այցելեց Քաղդէացւոց Պատրիարքարան։ 

Սրբազան Հօր ընդունեց Նորին Սրբութիւն Լուիս Սագո Պատրիարքը։

Յետ Զատկական շնորհաւորանքներու փոխանակման, երկու հոգեւոր պետերը  քննարկեցին Իրաքի Քրիստոնեաներուն առնչուող զանազան հարցեր։ 

Հանդիպման ներկայ էին` Գերշ. Տ. Թովմաս Միրմ Արքեպիսկոպոսը, դոկտոր Ըխլասս Ճերճիս Մակտեսին  ինչպէս նաեւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր այս այցելութեան ընկերացող Արժ. Տ. Արթուն քհն. Խալաթեանը և բրշհ. Արամ սրկ. Քէթէնճեանը։

Հանդիպման աւարտին յուշանուէրներ փոխանակելէ ետք` Առաջնորդարանիս պատուիրակութիւնը հիւրասիրուեցաւ սիրոյ ճաշով։