Ուքրանիա Ռուսիոյ լայնամաշտապ ներխուժման պատճառով Իրլանտան կրնայ վերանայիլ իր չէզոք կարգավիճակը, որ որդեգրած էր տասնամեակներ շարունակ։ Այդ մասին յայտնած է իրլանտական RTE ազգային հեռարձակողը։
2023 թուականի յունիսին Իրլանտայի քանի մը քաղաքներու մէջ պիտի կայանայ քառօրեայ խորհրդակցական համաժողով, որ նուիրուած պիտի ըլլայ միջազգային քաղաքականութեանն ու անվտանգութեան։ Համաժողովի ընթացքին քաղաքացիները, մասնաւորապէս, պիտի կարողանան յայտնել իրենց կարծիքը երկրի չէզոքութեան վերաբերեալ։
Իրլանտայի արտաքին գործոց նախարար Միխոլ Մարթինը, ազդարարելով համաժողովը, յայտարարած է, որ երկրին անհրաժեշտ է արձագանգել նոր իրականութեան։
«Միջազգային անվտանգութեան ոլորտին մէջ իրավիճակը էականօրէն փոխուած է վերջին տարուան ընթացքին։ Մենք դարձած ենք ականատեսը Ռուսիոյ կողմէ միջազգային իրաւունքի աղաղակող եւ կոպիտ անտեսման։ Իտլանտայի հաւատարմութիւնը միջազգային կարգին, որ հիմնուած է կանոններու վրայ, եւ ռազմական չէզոքութեան մեր աւանդական քաղաքականութիւնը մեզ չեն ազատեր այդ նոր իրականութեան արձագանգելու անհրաժեշտութենէն»,- յայտարարած է իրլանտացի քաղաքական գործիչը։
Համաժողովին պիտի մասնակցին միջազգային քաղաքականութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտի փորձագէտներ, գիտնականներ ու քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներ։ Համաժողովի արդիւնքներով անկախ նախագահը պիտի կազմէ հաշուետւութիւն, որ պիտի կազմէ կառավարութեան ուղղուած առաջարկութիւններու հիմքը:
Ուքրանիա ռուսական ներխուժման մեկնարկէն ետք չէզոք Շուէտը եւ Ֆինլանտան ՆԱԹՕ-ին անդամակցութեան յայտ ներկայացրեցուն։ Ապրիլ 4-ին Ֆինլանտան պաշտօնապէս դարձաւ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքի 31-րդ անդամը։
Եւրոպայի մէջ ռազմական չէզոքութեան կրողներ են նաեւ Աւստրիան, Զուիցերիան եւ Մալթան։ Բոլոր այդ երկիրները դատապարտած են ռուսական ներխուժումն ու միացած՝ միջազգային պատժամիջոցներուն։