image

Ռուսիայէն կոչ Թուրքիոյ. Հրաժարիլ ապակառուցողական քաղաքականութենէն

Ռուսիայէն կոչ Թուրքիոյ. Հրաժարիլ ապակառուցողական քաղաքականութենէն

19 օգոստոսին, Ռուսիոյ փոխ արտաքին գործոց նախարար Միխայիլ Կալուզին ընդունած է Ռուսիոյ Դաշնութեան մօտ Թուրքիոյ դեսպան Թանճու Պիլկիչը՝ վերջինիս խնդրանքով։

Ըստ Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտաքին գործոց նախարարութեան՝ հանդիպման քննարկուած է Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած իրավիճակը։

Ընդգծուած է հակամարտութեան հետագայ սրման, անոր երկարաձգման ու անհարկի զոհերու յանգեցնող՝ Ուքրանիոյ արեւմտեան զէնքով զինելու անթոյլատրելիութեան վերաբերեալ Ռուսիոյ դիրքորոշումը։

Թուրքիոյ կոչ եղած է հրաժարելու «հաւաքական Արեւմուտքի» երկիրներու նման ապակառուցողական քաղաքականութեան մասնակցելէ։

Հաստատուած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ կառուցողական յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման փոխադարձ յանձնառութիւնը։