image

Իրանը ընդհանուր սպառնալիք է Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի համար․ Իսրայէլի Արտաքին Գործոց նախարար

Իրանը ընդհանուր սպառնալիք է Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի համար․ Իսրայէլի Արտաքին Գործոց  նախարար

Իրանը ընդհանուր սպառնալիք է Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի համար․ Երուսաղէմի մէջ մարտ 29-ին ատրպէյճանցի պաշտօնակից Ճէյհուն Պայրամովի հետ համատեղ ասուլիսին յայտարարած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Էլի Քոհենը։

«Իրանը կը սպառնայ մեր տարածաշրջանը եւ անկայունութիւն կը ստեղծէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ՝ աջակցելով եւ ֆինանսաւորելով ահաբեկչութիւնը։ Մենք պէտք է միասնաբար գործենք Իրանի դէմ եւ թոյլ չտանք անոն ընդլայնել միջուկային հնարաւորութիւնները»,- ըսած է Իսրայէլի արտաքին գերատեսչութեան ղեկավարը։

Նշենք, որ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով չորեքշաբթի ժամանած է Իսրայէլ եւ հանդիպած իր գործընկեր Էլի Քոհենի հետ։ 

«Մեր երկիրներու միջեւ դիւանագիտական ​​յարաբերութիւններու 30 տարուան ընթացքին առաջին անգամ Իսրայէլի մէջ կը բացուի Ատրպէյճանի մշտական ​​դեսպանատուն»,- ըսուած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութեան մէջ։

Մարտ 29-ին կը նախատեսուի Թէլ Աւիւի մէջ Ատրպէյճանի դեսպանատան բացման պաշտօնական արարողութիւնը։