image

Իրանը ճնշման տակ չի բանակցիր. Արաքճի

Իրանը ճնշման տակ չի բանակցիր. Արաքճի

Իրանը ճնշման տակ ուղղակի բանակցութիւններ չի վարեր ԱՄՆ-ի հետ. այս մասին, Tasnim գործակալութեան հաղորդմամբ, ըսած է արտաքին գործոց նախարար Սէյիտ Ապպաս Արաքչին:

«Առաւելագոյն ճնշման ու սպառնալիքներու ներքոյ Իրանը հաստատ ուղղակի բանակցութիւններու պիտի չերթայ Ամերիկայի հետ։ Սա մեր յստակ քաղաքականութիւնն է, եւ այն պիտի շարունակուի այնքան ժամանակ, քանի դեռ չէ փոխուած միւս կողմի վերաբերմունքն Իրանի ժողովուրդի նկատմամբ։

Ի հարկէ, անուղղակի բանակցութիւններու ճանապարհը բաց է, եւ մենք այդ կրնանք ընել տարբեր խողովակներով։ Մեր նպատակն ու առաքելութիւնը երկրի ու ժողովուրդի ազգային շահերու եւ ազգային անվտանգութեան գիտակցումն է, եւ այս առումով մենք բաց չենք ձգեր ոչ մէկ հնարաւորութիւն», -ըսած է ան։

Աւելի վաղ Аxios-ը գրած էր, որ ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանի գերագոյն առաջնորդ այաթոլլահ Ալի Խամենէիին ուղղուած նամակին մէջ 2 ամիս ժամանակ տուած է՝ Թեհրանի միջուկային ծրագրի շուրջ բանակցութիւններ սկսելու համար: