Նախօրէին Քերմանի մէջ տեղի ունեցած պայթումներէն ետք Իրանի հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամենէին չուզեր Միացեալ Նահանգներու հետ ուղիղ հակամարտութեան մէջ ներքաշուիլ: Գրած է ամերիկեան The New York Times պարբերականը՝ վկայակոչելով իրանեան վերնախաւին մօտ կանգնած իր աղբիւրները։
Թերթի տեղեկութիւններով՝ Խամենէին իրանցի զինուորականներուն կոչ ըրած է «ռազմավարական համբերութիւն» ցուցաբերելու եւ ամէն գնով խուսափելու Միացեալ Նահանգներու հետ ուղիղ հակամարտութեան մէջ ներքաշուելէ։
The New York Times-ի տեղեկութիւններով՝ Իսլամական հանրապետութեան ղեկավարը բանակային հրամանատարներուն ու յատուկ ծառայութիւններու ղեկավարներուն հրահանգած է սահմանափակուիլ Իսրայէլի դէմ գաղտնի գործողութիւններով եւ իրանամէտ խմբաւորումներու կողմէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ գտնուող ամերիկեան ռազմակայններու դէմ յարձակումներով։