Իրանը եւ Սէուտական Արաբիան մինչեւ 9 մայիս պիտի վերաբացեն իրենց դեսպանատները Ռիատի եւ Թեհրանի մէջ։ Այս մասին երկուշաբթի IRNA-ին ըսած է Իրանի ԱԳՆ Պարսից ծոցի բաժնի տնօրէն Ալիրեզա Էնայաթին։
Պաշտօնեան բարձր գնահատած է Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու վերականգնումը եւ նշած պաշտպանութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներու մէջ անոնց համագործակցութեան մեծ ներուժը։
Բացի այդ, ըստ գերատեսչութեան տնօրէնի, «օրակարգի վրայ են երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման եւ Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի՝ Սէուտական Արաբիա, Օման եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ այցի վերաբերեալ հարցերը»:
Միաժամանակ Էնայաթին հերքած է Արաբական լիկայի գագաթնաժողովին Իրանը հրաւիրելու մասին տեղեկութիւնը։