image

Իրանի հետ բանակցութիւնները կը վերսկսին այսօր

Իրանի հետ բանակցութիւնները կը վերսկսին այսօր

 Այսօր Վիեննայի մէջ պէտք է վերսկսին 2015 թուականի Իրանի միջուկային համաձայնագրի վերականգնման շուրջ բանակցութիւնները:

Իրանի, Չինաստանի, Ռուսաստանի, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ միջեւ բանակցութիւնները պիտի սկսին ժամը 14:00-ի սահմաններուն:

ԱՄՆ պատուիրակութիւնը, Իրանի հարցով ԱՄՆ յատուկ բանագնաց Ռոպ Մալլիի գլխաւորութեամբ, անուղղակի մասնակցութիւն պիտի ունենայ այդ բանակցութիւններուն:

ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսաստանի դեսպան Միխայիլ Ուլյանով Թուիթըրի իր էջով գրած է, որ պաշտօնական բանակցութիւններուն ընդառաջ Չինաստանի, Ռուսաստանի եւ Իրանի միջեւ «ոչ-պաշտօնական խորհրդակցութիւնները» օգտակար եղած են «Թեհրանի նորացուած բանակցային դիրքորոշումը աւելի լաւ հասկնալու համար»։