Իրանի մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները լուսաբանող՝ ԱՄՆ-ի մէջ տեղակայուած լրատուամիջոցը կը հաղորդէ Իրանի գերագոյն առաջնորդ այաթոլա Ալի Խամինէիի զարմուհիին ձերբակալութեան մասին։
Ֆարիտէ Մորատխանին քաղաքացիական աքթիվիսթ է, ձերբակալուած է անցեալ շաբաթ Իրանի նախկին թագաւորական ընտանիքի մասին գովեստի խօսքեր հնչեցնելէ յետոյ։ Ձայնագրութիւնը համացանցին մէջ հրապարակուելէ յետոյ Իրանի հետախուզութեան նախարարութեան աշխատակիցները Մորատխանին ձերբակալած եւ տեղափոխած են Թեհրանի «Էվին» բանտ։
Մորատխանին Խամինէիի քրոջ դուստրն է, երկրին մէջ յայտնի է մահապատիժի դէմ, քաղաքացիական ազատութիւններու համար իր գործուն պայքարով։ Անոր հայրը հակաիսլամական այլախոհ Ալի Թեհրանին է, ան շուրջ 10 տարի բանտը անցուցած է։