image

Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանները բարեկամութեան սահմաններ են. Իրանցի պաշտօնատար

Իրանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանները  բարեկամութեան սահմաններ են. Իրանցի պաշտօնատար

 

Իրանի նախագահի վարչակազմի ղեկավար Մահմուտ Վաէզին յայտարարած է, որ Իրան-Ատրպէյճան սահմանը միշտ եղած է խաղաղութեան եւ բարեկամութեան սահման՝ շեշտելով Թեհրանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւնները ընդլայնելու քաղաքական կամքը:

 

Ինչպէս կը հաղորդէ «Մեհր» գործակալութիւնը, Վաէզին նման յայտարարութեամբ հանդէս եկած է Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Շահին Մոսթաֆաեւի հետ հանդիպումէն ետք: «Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ ռազմական հակամարտութեան աւարտէն ետք տարածաշրջանին մէջ նոր պայմաններ ստեղծուած են, որոնց լոյսին տակ անհրաժեշտ հարցեր կային քննարկելու»,-ըսած է իրանցի պաշտօնեան:

Անդրադառնալով Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի խօսքերուն, երբ վերջինս Իրանի հետ սահմանն անուանած էր խաղաղութեան եւ բարեկամութեան սահման, Վաէզին յայտնաղ է, որ Իրանը համակարծիք է այդ միտքին:

«Կը կարծենք, որ ժամանակն է խորացնելու բարեկամութիւնը տարածաշրջանի երկիրներու միջեւ եւ բազմակողմ հանդիպումներ կայացնելու, այդ շարքին եւ Իրան-Ռուսաստան-Ատրպէյճան եռակողմ, ինչպէս նաեւ հանդիպում Իրանի, ՌԴ-ի, Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ, որոնք կրնան կարգաւորել երկիրներու միջեւ եղած տարաձայնութիւնները»,- աւելցուցած է իրանցին:

Յիշեցնենք, որ աւելի վաղ Իրանն ու Ատրպէյճանը համաձայնութեան եկած էին Խուտաֆերինի ջրամբարին մէջ ելեկտրակայան կառուցելու եւ արտօնեալ առեւտուրի մասին պայմանագրերու հարցով: