image

Իրանեան Զինուորական Գետնափոր Կայան Մը Բացայայտուած Է

Իրանեան Զինուորական Գետնափոր    Կայան Մը Բացայայտուած Է

Իրան-(«Ալ Ժատիտ»- Պէյրութ) Ըստ «Ալ Ժատիտ» կայանին, Իրանեան հեռատեսիլը առաջին անգամ ըլլալով բացայայտեց  զինուորական կայանի մը գոյութեան մասին, ուր զանազան տեսակի հրթիռներ կը գտնուին: Ամիր Ալի Հաճի Տէտէ կեդրոնի հրամանատարը ըսաւ,  թէ այս կայանը միակը չէ Իրանի մէջ, աւելցնելով, որ հոն արձակման պատրաստ հրթիռներ կան, ասպարէզ կարդալով "թշնամիներուն":Կեդրոնը, որուն պատկերները հրապարակեց Իրանեան հեռատեսիլը  յայտնելով նաեւ, որ  կեդրոնը  կը գտնուի գետնին տակ, 500 մեթր խորութեամբ, հետեւաբար թշնամական հաւանական յարձակուներու պարագային դժուար է վնաս հասցընել անոր:  Զօր. Ամիր Ալի Հաճի Տէտէ   կեդրոնին մասին խօսելով ըսած է, թէ  կեդրոնը  մաս կը կազմէ հանրապետական պաշտպանական ուժերուն, որ Իրանեան զօրքի ընտիր խաւը կը ներկայացնէ:Ան աւելցուց, թէ այս կայանը միակը չէ, նոյնանման կայաններ կան Իրանի այլ շրջաններու եւ քաղաքներուն մէջ, եւ աւելցուց թէ "Զանազան հեռաւորութեան վրայ արձակուող հրթիռներ, բոլոր կայաններու մէջ, տեղադրուած են բեռնատարներու վրայ պատրաստ գործածութեան, կը սպասեն ընդհանուր հրամանատարի հրամանին»:Հրամանատար Հաճի Տէտէ աւելցուց, թէ "Իրանի չուզէր պատերազմի պատճառ դառնալ, սակայն երբ թշնամիները որեւէ սխալ գործեն, կայանները պիտի արձակեն հրթիռները գետնի խորերէն ժայթքող հրաբուխի նման":Առ այդ, Ուաշընթընի մէջ, Սպիտակ Տան բանբերը, Երեքշաբթի օր հաստատեց, թէ երկար հեռաւորութեամբ արձակուող հրթիռի փորձարկումը Ապահովական նիստի որոշման խախտում է:Ճոշ Էրնէստ, Սպիտակ Տան բանբերը աւելցուց,թէ  "Փաստացի ցուցանիշներ ունինք, թէ այս հրթիռի փորձարկումը խախտեց Ապահովական Նիստի որոշումը" եւ աւելցուց "Դժբախտաբար սա նորութիւն չէ»: Ամերիկայի արտաքին գործերու նախարարութիւնը յայտնեց, թէ կը մտածէ այս հարցը արծարծել Միացեալ Ազգերու մօտ: