image

Իրան. Իպրահիմ Ռայիսի ստանձնեց նախագահի պաշտօնը

 Իրան. Իպրահիմ Ռայիսի ստանձնեց նախագահի պաշտօնը

 

 Իպրահիմ Ռայիսի այսօր Թեհրանի մէջ եղած պաշտօնական արարողութեան ընթացքին ստանձնեց երկրի նախագահի պաշտօնը։ 

 

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ իրանեան «Իռնա» գործակալութիւնէն։ 

 

 Աղբիւրը նաեւ նշեց, որ Ռայիսիի պաշտօնի ստանձնման արարողութեան նախագահեց երկրի հոգեւոր առաջնորդ Իմամ Ալի Խամէնիյի։

 

 Ռայիսի, որ հակիրճ խօսքով մը հանդէս եկաւ նկատել տուաւ, որ իր նախագահութեան փուլը շատ կարեւոր բարեփոխումներու փուլ պիտի ըլլայ երկրին մէջ։

 

 Ան նաեւ նշեց, որ այսօր Իրանի համար գերխնդիրը տնտեսական բարելաւումներն ու ապա բարգաւաճումն է։ 

 Ռայիսի իր խօսքին մէջ նաեւ կարեւորեց այսօր ստեղծուած բարդ վիճակը նշելով, որ իրենք ամէն ճիգ պիտի գործադրեն երկիրը դուրս բերելու համար ամերիկեան պատիժներու աքցանէն։

 

 Յիշեցնենք, որ Ռայիսի   (61 տարեկան) կը փոխարինէ  Շէյխ Հասան Ռուհանին, որ ութ տարիէի ի վեր կը ղեկավարէր Հայաստանի բարեկամ եւ հարեւան երկիր Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը։