image

Ինչպիսի երկիր պէտք է ըլլայ Ուքրանիան. Դիտարկում Օրպանէն

Ինչպիսի երկիր պէտք է ըլլայ Ուքրանիան. Դիտարկում Օրպանէն

Ուքրանիան պէտք է ըլլայ բախարգելային (պուֆերային) պետութիւն (buffer state) հակամարտութեան աւարտէն յետոյ, յայտարարած է  Հունգարիոյ նախագահ Վիքթոր Օրպան Welt am Sonntag թերթին տուած հարցազրոյցին։

Ան կը կարծէ, որ ՆԱԹՕ-ն եւ Ռուսիան պէտք է համաձայնութեան գան բախարգելային գօտիին մէջ գործող սահմանափակ ուքրանական ուժերու չափերուն եւ հանդերձանքին շուրջ։ Պէտք է նաեւ երաշխիքներ տրուին, որ կողմերէն որեւէ մէկը չենթարկեցնէ այս բախարգելային պետութիւնը։