image

Ո՞վ ստեղծեց Ուքրանիան. Դիտարկում Վ. Փութինէն

Ո՞վ ստեղծեց Ուքրանիան. Դիտարկում Վ. Փութինէն

Լենինը եւ անոր համախոհները ստեղծած են ժամանակակից Ուրանիան` Ռուսաստանէն տարածքներ խլելով, ժողովուրդին ուղղուած ուղերձին մէջ ըսած է Վլատիմիր Փութինը:

Ան ընդգծած է, որ ժամանակակից Ուրանիան լիովին ու ամբողջութեամբ ստեղծուած է կոմունիստական Ռուսաստանի կողմէ:

Նախագահին խօսքով, ԽՍՀՄ-ը ստեղծելով պոլշեւիկները բաւարարած են ազգայնականներու որեւէ «ուզելիք», որպէսզի ամէն գնով իշխանութեան ղեկին մնան: Եթէ պոլշեւիկներու ստեղծած Ուքրանիան կոմունիստական իտէալներէն իրական հրաժարիլ կը փափաքի, ապա Ռուսաստանը այդ գլուխ կը բերէ, նշած է Փութինը:

«Պոլշեւիկեան քաղաքականութեան արդիւնքով ալ յառաջացած է խորհրդային Ուքրանիան, որ մեր օրերուն ալ լիարժէք հիմնաւորմամբ կարելի է «Վլատիմիր Իլյիչ Լենինի անուան Ուքրանիա» անուանել, ան անոր հեղինակն ու ճարտարապետն է: Այդ լիովին եւ ամբողջութեամբ կը հաստատուի արխիւային փաստաթուղթերով, ներառեալ կոշտ լենինեան հրահանգները Տոնպասի վերաբերեալ, որ բառացիօրէն խցկած են Ուքրանիոյ մէջ», ըսած է Փութին:

Միաժամանակ ան յաւելած է, որ այժմ ամբողջ Ուքրանիոյ տարածքին կը քանդեն Լենինի արձանները:

Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահին կարծիքով, Տոնպասի մէջ իրավիճակը ճակատագրական, սուր բնոյթ ստացած է:

Ան ընդգծած է, որ Ուքրնիան Ռուսաստանի Դաշնութեան համար պարզապէս հարեւան երկիր չէ, այլ անոր սեփական պատմութեան, մշակոյթին անբաժանելի մասն է, «անոնք մեր մերձաւորներն ու հարազատներն են»: