image

Լուքաշենքօն դաւաճանած է Հայաստանը ճիշդ այնպէս, ինչպէս Ուքրանիան․ Պելառուսիոյ ընդդիմութեան առաջնորդ

Լուքաշենքօն դաւաճանած է Հայաստանը ճիշդ այնպէս, ինչպէս Ուքրանիան․ Պելառուսիոյ ընդդիմութեան առաջնորդ

Պելառուսիոյ ընդդիմադիր գործիչ Սվեթլանա Թիխանովսքայան անդրադարձած է Ազգային ժողովի մէջ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւններուն, այն մասին, որ քանի դեռ Պելառուսիոյ նախագահն Ալեքսանտր Լուքաշենքօն է, ինքը կամ ՀՀ որեւէ պաշտօնեայ այդ երկիր պիտի չայցելէ:

«Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած է, որ պիտի չայցելէ Պելառուսիա, քանի դեռ Լուքաշենքօն իշխանութեան ղեկին է։ Ան իրաւացի է։ Լուքաշենքօն դաւաճանաղ է Հայաստանը ճիշդ այնպէս, ինչպէս Ուքրանիան։ Աշխարհին պէտք է ազատ եւ ժողովրդավար Պելառուսիա որպէս յուսալի գործընկեր՝ յանուն խաղաղութեան, այլ ոչ թէ դաւաճան բռնապետ»,- X-ի իր էջին գրած է Թիխանովսքայան։