image

Ի՞նչ վիճակի մատնուած են Հալէպի «թէժ գիծերու» հայապատկան բնակարանները (Լուսանկարներ)

Ի՞նչ  վիճակի մատնուած են  Հալէպի  «թէժ գիծերու»  հայապատկան   բնակարանները (Լուսանկարներ)

Նոր իրավիճակ ստեղծուեցաւ, երբ Հալէպ  քաղաքը   անցեալ դեկտեմբերին     ազատագրուեցաւ     ահաբեկիչ   զինեալներէ  եւ   քաղաքի   յատկապէս կեդրոնական  շրջանները   վերադարձան օրինական  զօրքերու   տիրապետութեան տակ: 

Այդ    փուլէն    ասդին   սկսան   լուրեր շրջան ընել  այն մասին,  որ      պատերազմի  հետեւանքով  Հալէպէն   հեռացած քաղաքացիներ, որոնց  շարքին  հայեր,    պիտի  սկսին  վերադառնալ իրենց սիրելի  քաղաքն ու ծննդավայրը,  բայց  եւ այնպէս   մինչեւ այս պահը      մեծ  թիւով  հայորդիներու    վերադարձ չի  նշմարուիր:

Հալէպի    զարգացումներուն հետեւողներ    այս առումով   տեսակէտ  ը յայտնեն, որ   դէպի Հալէպ ներհոսքի   նոր ալիք  մը ընթացք  կրնայ  առնել  յատկապէս  Հալէպի օդակայանին   բացումէն ետք, որ   սակայն   մինչեւ օրս  կը շարունակէ  մնալ  փակուած:

Այս  բոլորէն անդին «Արեւելք»ի  Հալէպի  թղթակիցը յաջողեցաւ մուտք  գործել Նոր   Գիւղ շրջանի  հայապատկան   բնակարաններու    շէնքեր եւ հոնկէ     ստանալ    հետեւեալ լուսանկարները:

 


 

 

Ըստ մեր    լրագրողին,           առնուած լուսանկարները  հանրութեան կը ներկայացուին առաջին անգամ, եւ անոնք առնուած են    Հալէպը հարուածած  պատերազմին ընթացքին  «թէժ    գիծ» համարուած   Նոր Գիւղ (Ալ Միտան)- Պոսթան Ալ Փաշա   շրջանին  մէջ գտնուող   շէնքերէ:

 Շէնքերուն անունը կը նախընտրենք  տարբեր պատճառներու   բերումով  մեր ընթերցողներուն  սեփականութիւնը չդարձնել, միայն  հարկ կը համարենք  նշել,  որ այս բնակարաններուն տէրերը   հայորդիներ  են եւ  անոնց  մեծ տոկոսը  այսօր յայտնուած է Գանատա  եւ Աւստրալիա:   

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Լուսանկարները ՝ «Արեւելք»ի