image

Ինչ տեսակի զէնքեր պիտի մատակարարէ Իրանը՝ Ռուսիոյ

Ինչ տեսակի զէնքեր պիտի մատակարարէ Իրանը՝ Ռուսիոյ

Ամերիկեան CNN հեռուստատեսութեան հաղորդագրութեան համաձայն, Իրան կը պատրաստուի Ռուսիա ուղարկել մօտ հազար միաւոր զէնք:

CNN-ը կը վկայակոչէ «արեւմտեան երկիրներէ մէկու անանուն պաշտօնական ներկայացուցիչը», որ ըսած է, որ Թեհրան Մոսկուային կրնայ փոխանցել «երկիր-երկիր» տեսակի կարճ հեռահարութեան պալիսթիք հրթիռներ եւ հարուածային ԱԹՍ-ներ:

Իրանի կողմէ Ռուսիոյ փոխանցուած ապառազէնի վերջին խմբաքանակը ներառած է մօտ 450 ԱԹՍ-ներ: Ռուսիան այդ անօդաչուներով հարուածած է Ուքրանիոյ քաղաքացիական ենթակառուցուածքը, գրոհներու ընթացքին նաեւ խաղաղ բնակիչներ զոհուած են:

CNN-ի հաղորդմամբ, այդ սպառազէնը մինչեւ տարեվերջ պէտք է հասնի Ռուսիա:

Քիեւի մէջ կ'ենթադրեն, որ Ռուսիան Ուքրանիոյ հիւսիսային սահմանի մօտ պիտի տեղակայէ իրանեան պալիսթիք հրթիռները: Անոնք տեխնիկական չափորոշիչներով մօտ են ռուսական «Իսքանտար-Մ» հրթիռներուն:

Ռուսիոյ մէջ «իսքանտարներու» քանակը, ըստ «Ուքրաինսքայա փրավտա» պարբերականի, աստիճանաբար կը սպառի, իսկ նորերու մատակարարումը դանդաղ կ'ընթանայ:

Մոսկուան պնդած է, որ Ուքրանիոյ մէջ միայն հայրենական արտադրութեան զէնք կը կիրառէ: Թեհրանն ալ պնդած է, որ ռուս-ուքրանական պատերազմի կողմերէն ոչ մէկուն սպառազէն տրամադրած է: