Տխուր լուրով բացուեցաւ կիրակի առաւօտը՝ մահացած է Երուանդ Ազատեան: Ոչ եւս է մտաւորականը, գրող-գրականագէտը, հրապարակախօսը, կուսակցական, մշակութային գործիչը… Ափսո՜ս, այլեւս պիտի չտեսնենք զինք Երեւանի մէջ, ուր յաճախ կ՚այցելէր՝ մասնակից ըլլալու իր դաւանած կուսակցութեան՝ Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ժողովներուն, Թէքէեան մշակութային միութեան մրցանակաբաշխութիւններուն, ձեռնարկներուն կամ ալ համահայկական առիթի մը: Վերջին տարիներուն հայրենիքի մէջ Երուանդ Ազատեան կը ներկայացնէր Հայաստանի, սփիւռքի մասին արդիական թեմաներով կազմած իր գիրքերը, որոնք սովորաբար իր խմբագրականներն էին կուսակցական մամուլին մէջ:
Իմ առաջին ծանօթութիւնս Երուանդ Ազատեանին հետ եղած է 1990-ականներու սկիզբը՝ Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ, ուր ան, համալսարանական ղեկավարութեան նախաձեռնութեամբ, հանդիպումի մը եկած էր լրագրութեան բաժնի ուսանողներուն հետ: Այն ժամանակ, անշուշտ, բոլորս պատկառանքով լեցուած էինք սփիւռքահայ մամուլի գործիչին հանդէպ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ թերթ կը խմբագրէր, կը պատմէր հայ մամուլի պատմութենէն, նաեւ թերթեր բերած էր իր հետ: Մենք առաջին անգամ կը տեսնէինք արեւմտահայերէնով տպուած թերթեր եւ այդ մէկը նոյնպէս մեզի համար զարմանալի էր հեռաւոր 1990-ականներուն, երբ դուրսի հետ կապը նոր-նոր կը կազմուէր, համացանց չկար, չկային կապի նորագոյն միջոցները:
Յետոյ, շատ տարիներ անց, կրկին Երեւանի մէջ, հանդիպելով Երուանդ Ազատեանին, առաջին հարցազրոյցս պիտի ընէի անոր հետ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի համար: Ան միշտ պատրաստակամ էր մեր թերթի համար հարցազրոյցներ տալու, կը գնահատէր թերթին աշխատանքը եւ ծայրէ ծայր կը կարդար նիւթերը: Այդ մասին ան նամակներ կը գրէր՝ ողջունելով այս կամ այն յօդուածը, երբեմն պզտիկ նկատառումներ կ՚ունենար: Ան հայ մամուլի անխոնջ նուիրեալ էր:
Իր հարցազրոյցներուն ընթացքին Երուանդ Ազատեան անկեղծ կը պատմէր նաեւ անձնական կեանքէն դրուագներ. օրինակ՝ թէ ինչպէս անգամ մը իր տունը հրդեհուած է եւ շատ յիշատակներ մոխրացած են կամ արկած մը պատահած է, իսկ վերջին շրջանին ցաւով կը խօսէր մահուան մասին իր կնոջ, զոր կորսնցուց 2021 թուականին: Ի դէպ, այս տարի կը լրանայ Երուանդ Ազատեանի կնոջ՝ արուեստագէտ նկարչուհի Նորա Իփէկեան-Ազատեանի 100-ամեակը: Երուանդ Ազատեան զրոյցի մը ընթացքին ըսած էր, որ ինք գրականութեան աշխարհ մտած է Վահան Թէքէեանը ուսումնասիրելով, եւ տեսակ մը պաշտամունքային զգացում ապրած է Թէքէեանին հանդէպ: Ու, խոստովանած էր, որ ատոր պատճառներէն մին ալ Վահան Թէքէեանի հետ իր տիկնոջ՝ Նորա Իփէկեան-Ազատեանի ընտանիքին մտերմութիւնը եղած է Եգիպտոսի մէջ: Եգիպտոս, Աղեքսանդրիա ծնած էր իր կինը, իսկ ինք՝ Երուանդ Ազատեան ծնած էր Պէյրութ, 1935 թուականին: Այս մայիս ամսուն ան կը դառնար 88 տարեկան: Ի դէպ, իր բուն անուն-մականունը Էտմոնտ Կոտալազեան է, բայց ինք, իբրեւ գրական անուն, որդեգրած էր Երուանդ Ազատեան ստորագրութիւնը: Անոր յիշատակին համար կու տանք քանի մը հատուած զանազան տարիներու՝ թերթիս տուած հարցազրոյցներէն:
*
Հայաստանի մէջ, ըլլա՛ն պաշտօնական շրջանակները, ըլլա՛ն մտաւորական շրջանակները, սովորաբար կ՚ուզեն լսել այն, ինչ որ հաճելի է իրենց համար: Քննադատութիւնները այնքան լրջութեամբ չեն դիմաւորուիր, աւելի կը թշնամանան քննադատողներուն կամ ալ անտարբերութեամբ կը լսեն, եւ սրտցաւ մտահոգութիւնները յաճախ կ՚անտեսուին: Իսկ խօսելու շատ հարցեր կան, եւ նորէն նշեմ, որ ամենէն կարեւորը այսօր արտագաղթն է, որ մեծ չափերու հասած է: Հայաստանը լքողներու գլխաւոր պատճառը հեռանկարի պակասն է: Ոմանք նոյնիսկ հաց ունին, գործ ունին, բայց կ՚ուզեն երթալ: Կար ժամանակ մը, երբ նոյնիսկ հացի պակաս կար, բացարձակ մեծամասնութեան պատճառը՝ Հայաստանը լքելու, սնունդի, ապրուստի դժուարութիւնն էր: Հիմա կայ դասակարգ մը, որ ունի ատիկա, բայց հեռանկար չունի: Մեզ կը տառապեցնէ սփիւռքի մէջ, որ մեր ձեռքը չէ այդ ընթացքը փոխելը, Հայաստանի իշխանութեան ձեռքն է: Իսկ եթէ հարցնեք իշխանաւորներէն ոեւէ մէկուն, թէ դուք ի՞նչ կ՚ընէք, որ այս արտահոսքը, այս հայրենալքումը դադրի, շիտակ պատասխան մը չկայ: Ասիկա շատ ցաւալի երեւոյթ է. ո՞վ պիտի պաշտպանէ Հայաստանի սահմանները, ո՞վ պիտի զարգացնէ հայրենիքի տնտեսութիւնը: Ես իմացած եմ պարագաներ, որ հսկայ ներդրումներ կ՚ըլլան ճամբաներու շինարարութեան վրայ, եւ օտար երկիրներէ շինարարներ կը բերեն, որովհետեւ Հայաստանի շինարարները կ՚երթան, ուրիշ երկիրներ կ՚աշխատին:
(2015 թուական)
*
Ես բնոյթով շատ լաւատես եմ, բայց ինչպէս Հայաստանի անկախութեան 25-ամեակի առիթով յօդուածիս մէջ գրած եմ՝ մռայլ կանխատեսումներով, փոխանակ առաջ երթալու, անկախութենէն ի վեր դէպի ետեւ գացինք: Անշուշտ, ընդունելի է, պայմաններ կան, մենք աշխարհի ամենէն լարուած, ջղային կեդրոնին վրայ կը գտնուինք (քաղաքականօրէն) եւ ատիկա իր ներգործութիւնն ու ազդեցութիւնը ունի մեր նպատակներուն, մեր հարցերուն վրայ, բայց ամէն ինչ անոր վերագրելը արդարացում մը չէ:
Մենք մեր հաւաքական հաւատքը կորսնցուցած ենք դուրսը եւ ներսը: Իշխանութիւններու հանդէպ հաւատք չկայ, եւ երբ իշխանութիւններու հանդէպ հաւատք չըլլայ, մարդիկը իրենք իրենց պարտականութիւնը չեն կատարեր: Եթէ անհատը իր քաղաքացիական պարտականութիւնը չկատարէ, ուրեմն բուրգն ի վեր բարձրանալով, վերէն ալ նոյն անպատասխանատուութեամբ կը վերաբերին հայրենիքին հանդէպ, ժողովուրդին հանդէպ, երկրին ապագային նկատմամբ:
(2016 թուական)
*
Յուսալքուած է երիտասարդութիւնը, ո՛չ ընելիք ունի, ո՛չ եկամուտ ունի, ո՛չ հեռանկար: Կ՚ուզենք փոքր չափով այդ երիտասարդութեան հասնիլ, որ նպատակ ունենայ, պատճառ ունենայ Հայաստանի հողին վրայ մնալու, չլքելու:
Շատ հակասական է: Երեւանը երթալով կը ճոխանայ: Առանց վարանելու կրնանք ըսել, որ մայրաքաղաքը եւրոպական քաղաքներուն համահունչ գեղեցկութիւն ունի, ատիկա նաեւ օտարներ կ՚ըսեն՝ հոս գալով, բայց այլ է իրավիճակը շրջաններուն մէջ: Եթէ նոյնիսկ շրջանները իրենց ներկայ կացութեան մէջ մնային, այդ ալ պիտի ընդունէինք, բայց երթալով շրջանները շատ արագ թափով ետ կ՚երթան, մինչ Երեւանը շատ արագ կերպով կ՚աճի: Շատ վայրերու մէջ տարրական պայմանները կը բացակային, մարդիկ ջուր չունին, ճամբաները քանդուած են, դպրոցական շէնքերը հին են…:
*
Այնքան վստահութիւն չկայ իշխանութիւններուն հանդէպ, որ նուիրատուութիւն ընողներն արդէն անձամբ կը տանին եւ տեղը կը հասցնեն նուիրատուութիւնները, ինքնուրոյն կու գան, կ՚երթան մարզերուն մէջ բաշխումներ կ՚ընեն: Որովհետեւ եթէ իշխանութիւններու միջոցաւ սփիւռքը պիտի ընէ, քսանհինգ տարիներու մէջ տեսնուեցաւ, որ այդ օժանդակութիւնները տեղ չեն հասնիր կամ ամբողջական չեն հասնիր: Անոր համար անհատներ սփիւռքէն անհատականօրէն կ՚երթան, որ կրկին համակարգուած չէ, իսկ իշխանութիւնը շրջանցել եւ այս ձեւով գործելը դարձեալ վիրաւոր յարաբերութիւն մըն է:
*
Պէտք է կարողութիւն ունեցող մարդոց տեղ տալ, համակարգչային գիտութիւններու, արուեստի այլ բնագաւառներու մէջ երիտասարդութիւնը յառաջ մղել, եթէ երգիչներ, գիտնականներ, արուեստագէտներ Հայաստանի մէջ տեղ չգտնեն, բնականաբար կ՚ուղղուին դէպի դուրս, եւ եթէ իրական տաղանդ ունին, այնպիսի յաջողութիւններու կը հասնին, որ չեն ուզեր վերադառնալ: Նաեւ քաղաքականօրէն ճամբայ բանալ մարդոց առջեւ: Ֆրանսայի կամ այլ երկիրներու մէջ, երբ գործիչները կը յաջողին եւ անոնց կենսագրութիւնները կը կարդանք, կը տեսնենք, որ բոլորն ալ գրեթէ նոյն կրթական համակարգէն անցած են եւ պետութիւնը տարիներէ ի վեր համակարգ մը ստեղծած է, որ այդ բովէն անցած երիտասարդը իշխանութեան գլուխ գալով արդէն այդ համակարգին սատարող տարր մը ըլլայ: Հայաստանի մէջ քսանհինգ տարին կարծեմ բաւական է, որ սկսին այդ մասին մտածել եւ մանաւանդ՝ գործել:
(2017 թուական)
*
Արցախի հարցով մտահոգութիւն կայ այն առումով, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ անոր ճակատագիրը: Այդ առումով ալ մենք շատ զօրաւոր եւ սուր հակասութեան մէջ ենք. մեր ակնկալութիւնները, մեր պահանջները եւ ատրպէյճանցիներուն դիրքաւորումը բոլորովին իրար չէզոքացնող բաներ են: Պատերազմէն առաջ կ՚ըսէին, թէ բարձրագոյն ինքնավարութեան կարգավիճակ պիտի տան Արցախին, այսօր կ՚ըսեն՝ կարգավիճակի հարց չկայ, եկէ՛ք, դուք մեր քաղաքացիներն էք, ինչպէս կ՚ուզենք, այնպէս ալ կը վարուինք ձեզի հետ: Իսկ անցեալին մենք գիտենք՝ ինչպէս վարուած են: Այդտեղի ժողովուրդը հերոս ժողովուրդ է, որ այդ հեռանկարին դիմաց տուն կը շինէ, ընտանիք կը կազմէ եւ կը բազմանայ:
*
Թէքէեան մշակութային միութիւնը ճիշդ պատերազմէն առաջ Քաշաթաղի մէջ 100 հազար տոլար ծախսեց եւ Թէքէեանի անուան դպրոցը հիմնովին նորոգեց, իմանալով հանդերձ, որ ռազմավարական տեղ է, բնակչութիւնը հոն պիտի մնայ: Եթէ առանց պատերազմի հաշտութեան ու խաղաղութեան ծրագիր ըլլար, բնականաբար հոն, ուր բնակչութիւն կար, նկատի պիտի առնուէր, որ այդ շրջանը այդ բնակչութեան կը պատկանի եւ մենք այդ հեռանկարով, այդ գիտակցութեամբ ըրինք այդ ծրագիրները, վստահ էինք, որ մեր ըրածը ճիշդ է: Սակայն, ինչպէս տեսաք, բոլորովին այլ ընթացք ստացաւ ամէն ինչ:
Այս ամէնով հանդերձ, անշուշտ, հայրենիքի հողն է, որ ամենէն ներշնչողն է, որքան որ ալ դժուար ըլլայ, որքան որ պայմանները շատ յոռետեսական ըլլան, այսօր հայրենիքը միակ առաձգականութիւն ունեցողն է: Ես երեւոյթ մը նշմարած եմ եւ ատիկա շատ առարկայական ու շօշափելի է, որ նոյնիսկ չորրորդ սերունդի օտարացած հայը, երբ կու գայ Հայաստան եւ կը շփուի ժողովուրդին, մշակոյթին ժառանգութեան, պատմութեան հետ, անքակտելի կապ մը կը ստեղծուի: Այսինքն, եթէ հազար հոգի գայ, պիտի ըսես, որ ինը հարիւրը յանձնառու հայեր կը դառնան: Ատիկա երեւակայական բան մը չէ, որոշակի եւ իրական է:
*
Մենք միշտ կ՚ըսենք, որ հանճարեղ ժողովուրդ ենք, եւ ես անձամբ կ՚երազեմ, որ ամբողջ աշխարհի հայերը այսօր գիտական ներդրում կատարեն եւ Հայաստանի մէջ ստեղծեն հզօր ռազմական ուժ, ոչ թէ անոր համար, որ յարձակինք եւ երկիրներ նուաճենք, այլ այնպիսի ուժ մը ըլլայ, որ դիմացինը հաշուի նստի մեզի հետ: Այնպիսի հզօր ուժ մը ըլլայ, որուն շնորհիւ մենք կարողանանք պահել մեր մնացած հողը:
(2021 թուական)
*
Ուր որ նայիմ, կը դժուարանամ ելք մը գտնելու: Ելք մը կայ, այն է, որ մեր գիտնականները ամբողջ աշխարհէն պէտք է գան Հայաստան, գերհզօր զէնք մը ստեղծեն, վեցերորդ սերունդի ռազմամթերք տրամադրեն մեզի, ոչ թէ յարձակելու համար, այլ մեր հողը պաշտպանելու: Մեր չափանիշը այն պիտի ըլլայ, որ մենք այնքան պիտի զօրանանք, որ հակառակորդը պիտի հաշուարկէ, թէ եթէ Հայաստանի վրայ յարձակի, ի՞նչ պիտի ըլլայ, եթէ հետեւանքը շատ ծանր կորուստներ պիտի ըլլան, պիտի երկմտի եւ ըսէ՝ չ՚արժեր: Հիմա մենք այդ պատնէշը չունինք եւ շատ դիւրութեամբ մեր սահմանէն ներս կը մտնեն, այո, հակադարձութիւն կ՚ունենան, կորուստներ ալ կ՚ունենան, բայց ատոնք հաշուարկուած կորուստներ են: Երեսուն տարի մենք ըսինք՝ «Ղարաբաղը Հայաստան է եւ վերջ», «Ոչ մէկ թիզ հող» եւ այլն, 2009-ի արձանագրութիւններու ընթացքին նոյնիսկ մէկ շրջան չպարպեցինք, եւ ատիկա անհաւատալի մեծամտութիւն մըն էր… Այս ամէն ինչը ատոնց հետեւանքն է:
*
Ասիկա արդէն մեր վերջին հանգրուանն է երկիրը պահելու, պատմութիւնը քշեց, քշեց, սեղմեց եւ մենք այսօր ունինք այս 29 հազար 8 հարիւր քառակուսի մեթրը, որ ամէն գինով պէտք է պահել։
(2022 թուական)
Անուշ Թրուանց
«Ժամանակ»/Պոլիս