image

Հովուական այց՝ Տիգրանակերտ 

Հովուական այց՝ Տիգրանակերտ 

Օրերս, Սահակ Բ. Պատրիարք հօր հրամանով եւ օրհնութեամբ, Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Աւետիս քհնյ Թապաշեան մեկնած է Տիգրանակերտ, ուր Տէր հայրը Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցած եւ քարոզած է։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրամանաւ եւ օրհնութեամբ, Հաթայի եկեղեցեաց հոգեւոր հովիւ եւ գաւառի տեսուչ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեան, 2 Նոյեմբեր 2024, Շաբաթ առաւօտ, մեկնեցաւ Տիգրանակերտ։

Տէր Հայրը Ս. Պատարագ մատոյց Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ եւ յընթացս արարողութեան խրատական խօսեցաւ, նիւթ ունենալով օրուան տօնը՝ Ամենայն սրբոց՝ հնոց եւ նորոց, յայտից եւ անյայտից ու խօսեցաւ սրբութեան գաղափարի մասին։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Եուսուֆ Թապաշեան եւ Վօլքան Առատ։ Արարողութեան մասնակցեցան տեղւոյն փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամները։

Ապա կատարուեցաւ պաշտօն՝ Տիգրանակերտի մեր հաւատացեալ հանգուցեալներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Տէր Հայրը զրուցեց տեղւոյն մերազն ժողովուրդի անդամներուն հետ։

Յաջորդ օր՝ 3 Նոյեմբեր 2024, Կիրակի, Տէր Հայրը եւ Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպիր Թապաշեան անցան Էլազըղ, ուր տեղւոյն գերեզմանատան Ս. Նշան մատրան մէջ Տէր Հայրը Ս. Պատարագ մատոյց, որու ընթացքին քարոզեց ու խրատեց ուշադիր հսկել մեր կեանքերուն եւ օրինակ ըլլալ։ «Քրիստոնեային գլխաւոր նպատակը պէտք է ըլլայ մնալ լոյսի մէջ», ըսաւ Տէր Հայրը։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Բրկ. Եուսուֆ Ուր. Դպիր Թապաշեան եւ Արման Եաղճը։ Արարողութեան մասնակցեցան տեղւոյն փոքրաթիւ հայ համայնքի անդամները եւ հաւատացեալներ, որոնք Ֆրանսայէն հիւրաբար Էլազըղ կը գտնուէին։

Ապա, շիրիմներու միջեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն։ Տէր Հայրը զրուցեց տեղւոյն մերազն ժողովուրդի անդամներուն հետ։

Տիգրանակերտի եւ Էլազըղի մեր ժողովուրդը Տէր Հօր անձին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեցին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, որ բարի եղած է ուղարկել Տէր Հայրը, որ Ս. Պատարագ մատուցելով ու քարոզելով մխիթարած է մեր հաւատացեալ ժողովուրդը։

Տէր Հայրը նոյն օր Էլազըղ մնալէ ետք, յաջորդ առաւօտ վերադարձաւ Հաթայ։