Օրերս, Ալավերտիի մէջ, տեղի ունեցած է արժեւորման եւ երախտագիտութեան պաշտամունք Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Արթուր Օչինեանի ծառայութիւնը Ալավերտիի մէջ իր աւարտին հասնելու առիթով:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցւոյ (ՀԱԵ) պաշտօնական կայքէն:
ՀԱԵ հովիւ վեր. Արթուր Օչինեան աւարտած է իր ծառայութիւնն Ալավերտիի եկեղեցւոյ մէջ, որ կը հովուէր հիմնադրման օրուընէ մօտ 24 տարի: ՀԱԵ Հոգեւոր Խորհուրդի որոշմամբ՝ վերապատուելին իր ծառայութիւնը պիտի շարունակէ որպէս ՀԱԵ Նոյեմբերեանի հոգեւոր հովիւ:
26 նոյեմբեր, 2023-ին ՀԱԵ Ալավերտիի համայնքը տէրունական պաշտամունքի ընթացքին արժեւորեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց վեր. Արթուր Օչինեանին ու տիկնոջ՝ Գայիանէ Շարբաթեանին, երկարամեայ անձնուէր ու աստուածահաճոյ ծառայութեան համար:ՀԱԵ Ալավերտիի հոգաբարձուները երախտիքի խօսք հնչեցուցին ու յուշանուէր յանձնեցին վեր. Օչինեանին, այնուհետեւ հոգաբարձուները, օգնական հովիւ Խաչիկ Նազարեան ու ՀԱԵ աւագ հովիւ վեր. Յովհաննէս Յովսէփեան աղօթեցին Օչինեան ընտանիքին ու նոր վայրի մէջ անոնց առաքելութեան համար:
Օրուան պատգամաբերը Վեր. Արթուր Օչինեանն էր: Ան եկեղեցւոյ բեմէն վերջին անգամ խօսեցաւ Բ. Պետրոս 1.3-7 համարներու շուրջ՝ անդրադառնալով մարդոց առջեւ Յիսուս Քրիստոսի մեծութեան: