ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը հրապարակած է Արագած լեռան լուսանկարը, որուն կից ըրած է հետեւեալ գրառումը. «Հայաստանի Հանրապետութեան ամենաբարձր լեռը. Արագած, առաւելագոյն բարձրութիւնը 4090 մեթր»:
Յիշեցնենք, որ Նիկոլ Փաշինեանը յայտարարած էր, որ ինքը երկրի մը վարչապետն է, որու ամենաբարձր գագաթը Արագածն է, եւ ոչ ոք կրնայ այդ հերքել: